Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ. «Մեր Կարմիր Գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնն Է»

January 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 27 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը: Հանդիպումին ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակեցին արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին շրջանային կայունութեան ապահովման եւ այդ ուղղութեամբ կառուցողական փոխադարձ գործակցութեան ոգիով աշխատանքը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ մարդասիրական խնդիրներու շուրջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ տակաւին անլոյծ կը մնան բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին`  Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եւ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ  նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ: Հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցան երկկողմանի օրակարգի հարցեր` գոհունակութիւն յայտնելով առկայ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան առնչութեամբ` ընդգծելով տարբեր մակարդակներուն մէջ կապերու եւ փոխադարձ այցելութիւններու առաւել աշխուժութեան կարեւորութիւնը: Կողմերը երկուստեք պատրաստակամութիւն  յայտնեցին միացեալ ջանքեր գործադրելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:

Նախարարներ Այվազեան ու Զարիֆ հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ` մտահոգութիւն յայտնելով շրջանին մէջ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղակայման առնչութեամբ: Շրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ նախարար Այվազեան կարեւոր նկատեց Իրանի հետ սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու երկխօսութիւնը այս ուղղութեամբ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին եւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն:

Երկու հանդիպումներուն նախարար Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան կը հասկնայ Հայաստանի մտահոգութիւնները եւ պատրաստ է օժանդակելու մարդասիրական ջանքերուն` դիտել տալով, որ Հայաստան Իրանի լաւ դրացի է, երկու երկիրները ունին շրջանային ընդհանուր մտահոգութիւններ` շեշտելով, որ երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով կան համագործակցելու կարելիութիւններ:

Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան շատ կարեւոր կը նկատէ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը յարգէ ու կը հետեւի, որ բոլոր ժողովուրդներուն կրօնական եւ այլ իրաւունքները միշտ պաշտպանուած ըլլան: «Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն է, որուն մասին մենք յստակ արտայայտուած ենք», շեշտեց ան: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել զարգացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական. Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.