Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Ասիկա Դիտաւորեալ Պարտուած Պատերազմ Էր, Իսկ Դիտաւորութեան Պատճառը Արցախէն Ազատիլն Էր»

January 27, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 յունուարին Արարատի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներու հանդիպումը արարատցիներուն հետ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ, որ նման վտանգաւոր իրավիճակի մէջ չենք եղած վերջին 100 տարուան ընթացքին` դիտել տալով, որ բոլորը չեն, որ կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ ենք ներկայիս:

Ան նշեց, որ պատերազմ եղաւ, բայց մենք պատերազմ տեսած ենք 90-ականներուն, պատերազմին կը մասնակցէր ամբողջ ժողովուրդը եւ ժողովուրդը գիտէր, թէ ի՛նչ կը կատարուի ռազմաճակատին վրայ, իսկ աւարտին փայլուն յաղթանակ ունեցանք: «Այս պատերազմը այդպիսին չէր, Ազրպէյճանը կը պատրաստուէր յաղթելու, մենք կը պատրաստուէինք պարտուելու, ինչո՞ւ կ՛ըսեմ` մենք կ՛երթայինք դէպի պարտութիւն, 2018-էն սկսաւ բանակի ջարդը, փտածութեան դէմ պայքարի անունին տակ սկսան տարբեր զօրավարներ ձերբակալել, քրէական գործեր յարուցել, կոտրեցին ամբողջ Արցախի ղեկավարութիւնը, դուրս մղեցին զօրավարները եւ բանակին մէջ արդէն անվստահութիւն եղաւ», յայտարարեց ան:

Յաջորդ քայլը պարտութեան տանելու, ըստ Վազգէն Մանուկեանի, բանակի արդիականացումն էր, զէնքերու հարցը: Բացի ատկէ, ան նշեց, որ կ՛ընթանային գաղտնի բանակցութիւններ, որոնց պատճառով ոչ թէ պարտուեցաւ Շուշին, այլ Շուշին յանձնեցին թշնամիին:

«Ասիկա դիտաւորեալ պարտուած պատերազմ էր, իսկ դիտաւորութեան պատճառը Արցախէն ազատիլն էր: Այն, որ Նիկոլը կ՛ըսէր, թէ ինք կեցուց պատերազմը, սուտ է, իրեն Ռուսիան պարտադրեց, որովհետեւ եթէ մենք ամբողջութեամբ կորսնցնէիք Արցախը, Ռուսիան այստեղ ընելիք պիտի չունենար, խաղաղապահ զօրք իրաւունք պիտի չունենար այստեղ դնելու եւ պիտի կորսնցնէր Անդրկովկասը: Ռուսիոյ շահը պարտադրեց, որ Նիկոլը ստորագրէ այդ փաստաթուղթը եւ կեցնէ պատերազմը, այն ինչ որ կարելի էր ընել շաբաթներ, օրեր առաջ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հասած Է Երեւան

Յաջորդը

Հայկական Բանակ՝ Տօնդ Շնորհաւոր

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.