Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Խումբ Մը Քաղաքագէտներու Եւ Փորձագէտներու Հետ

Յունուար 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակ, Արցախի հարցի հետագայ ճակատագիր, շրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. օրակարգային այս հարցերը երէկ` ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը քննարկած է խումբ մը քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:

Քննարկուած է պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը, որուն հանգուցալուծման վերաբերեալ մասնագէտները տարբեր տեսակէտներ յայտնած են: Ըստ որոշ տեսակէտներու` քաղաքական դաշտի ռազմավարութիւնն ու գործողութիւնները պէտք է մշակուին հասարակութեան մէջ ընկերաբանական լուրջ հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու  հիման վրայ: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է այն հարցին, որ ընկերային ցանցերը յաճախ կը կառավարուին եւ կը ստեղծեն  իրականութեան ոչ հաւաստի պատկեր:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի մէջ 2018-ի իշխանափոխութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններու խորքային պատճառներուն, իշխանութեան, պետական համակարգին, ընդդիմութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու հարցերուն եւ այդ համակարգերը կայացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:

Կարեւոր նկատուած է Հայաստանի մէջ ազգային օրակարգի ձեւաւորման, ազգային ինքնութեան հարցերը առաջնային դարձնելու եւ անոնց շուրջ հասարակութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով արցախեան տագնապին` ներկաները կարեւոր նկատած են հարցին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշման եւ քայլերուն յստակացումն ու աշխուժացումը` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին ժամանակաշրջանին տագնապը երկրորդ գիծ մղելու միտումներուն առնչութեամբ:

Քննարկուած են շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխուժութեան լոյսին տակ Հայաստանի կողմէ անհրաժեշտ քայլեր եւ ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու յստակ օրակարգ ձեւաւորելու խնդիրը, Ռուսիոյ եւ բնական այլ դաշնակիցներու հետ համագործակցութեան հեռանկարները:

Կարեւոր նկատուած է աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու եւ շրջանային հաւանական վերադասաւորումներու պարագային շահեկան վիճակի մէջ գտնուելու հարցը, որ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար եւ կարելի է լուծել միայն այն պարագային, երբ պետութեան մէջ առկայ ճգնաժամն ու խնդիրները յաղթահարուին:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Վերադարձնելու Նոյեմբերին Գերեվարուած Յաւելեալ 57 Զինուորներ

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին. Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ` Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

RelatedPosts

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան
Գաղութային

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

Փետրուար 7, 2023
Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն

Փետրուար 7, 2023
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական,  Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու  Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)
Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական, Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In