ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Եռաբլուրի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Ան դիտել տուաւ, որ հանրահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին, անկէ ետք պիտի կազմակերպուին բողոքի երթեր, ցոյցեր, անհնազանդութեան շարժումներ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ շուրջօրեայ, լայնածաւալ գործողութիւններ չեն կատարուիր` Սաղաթէլեան արձագանգեց, թէ այս փուլը ինքնակազմակերպման, անցած ճամբան վերագնահատելու, յառաջիկայ աշխատանքները ծրագրելու համար է:
«Մեզ կը մեղադրեն ոչ վճռական գործողութիւններ կազմակերպելու մէջ, բայց մենք ըսած ենք, թէ ո՛րն է այս չարիքի կառավարութիւնը հեռացնելու ճամբան: Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման համաժողովրդական պահանջ կայ, բայց մենք այդ պահանջը չենք կրցած վերածել համաժողովրդական պայքարի եւ պիտի վերածենք: Բոլոր խօսակցութիւնները, թէ շարժումը մարած է, աւարտած է, իրականութեան չեն համապատասխաներ», յայտնեց ան` նշելով, որ չի կարծեր, թէ հայրենիքին մեծ մասը յանձնած ու ժողովուրդին գլխուն այսքան դժբախտութիւններ բերած իշխանութիւնը կրնայ մնալ:
«Վճռականութիւն միշտ եղած է, յառաջիկային ալ պիտի ըլլայ: Ատիկա չի նշանակեր, որ մինչեւ 18 փետրուար որեւէ գործողութիւն պիտի չըլլայ», աւելցուց ան:
Լրագրող մը հարցուց, թէ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքականութեան վերադարձը ինչ որ առումով կը խանգարէ՞ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի օրակարգը. Սաղաթէլեան պատասխանեց` բացարձակ:
Վերջինս համաձայն է Քոչարեանի այն տեսակէտին, թէ այս փուլին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելը շարք մը վտանգներ կրնայ ներկայացնել:
«Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ընտրութիւն կազմակերպելը կը նշանակէ, որ երկրին մէջ պիտի շարունակուի անկայունութիւնը, ատելութեան մթնոլորտը եւ պառակտումը: Իր գլխաւորութեամբ ընտրութիւնները վտանգաւոր են Հայաստանի համար, որովհետեւ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ վերարտադրուելու համար, որ չդատուի: Տարօրինակ է այս մարդուն պահուածքը. մենք իր հրաժարականը կ՛ուզենք, ինք խորհրդարանը կը տանի դէպի լուծարում, որ այդ ճամբով շարունակէ վերարտադրուիլ», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:
Ըստ Սաղաթէլեանի, Փաշինեանի ու անոր խումբին կեցուածքը հետեւեալն է` շարունակել փնտռել մեղաւորներ: