«Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը» Ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան
«Վ. Ձ.».- Զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող երկու մեծ հարցականներ կան, մէկը Ճեպրայիլի ուղղութեամբ կատարուածը, երկրորդ` Շուշիի մէջ եղածը: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ հարաւային կողմը այդքան մեծ պարտութիւն կրեցինք, իսկ Շուշիի մէջ պատահեցաւ այն, որ պէտք չէր պատահեր: Բ. Պ.- Ես զինուորական մասնագէտ չեմ, ո՛չ ալ ստուգուած տեղեկութիւններ ունիմ, սակայն ինչ որ ճակատէն վերադարձածները ըսած են, եւ քաղաքական վերլուծումներ կատարուած են, հետեւեալը պատահած...



















