Խմբագրական. Մայիս 9-ի Նորացուած Խորհուրդը
Մայիս 9-ի եռատօնը իմաստազրկո՞ւած է: Այս հարցումը բնական կարգով կ՛ուրուագծուի բոլորիս մտապատկերին մէջ, երբ այս տարի կ՛անդրադառնանք, որ ազատագրուած Շուշին վերագրաւուած է: Տօնին երկրորդ բաղադրիչը Արցախի պաշտպանութեան բանակին հիմնումն է, իսկ երրորդը` Հայրենական պատերազմին յաղթական աւարտը: Ցաւալի է, որ այսօր Արցախի զինեալ ուժերու կարգավիճակը խնդրոյ առարկայ է: Փոխուած են նաեւ այն սահմանները, որոնց վրայ կը հսկէին հայկական ուժերը: Յաղթանակի բաժինը...



















