Ակնարկ. Հաւասարաչափութեան Խախտումի Հիմնաւորումները
Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը: Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու: Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու...




















