Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Վերանորոգութեան Պատրուակով Ազրպէյճան Կ’աղաւաղէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին»
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ «Վերանորոգութեան աշխատանքներ»-ու անուան տակ Ազրպէյճան կ’աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը` նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնն ու հետքը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` անդրադառնալով ազրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»: «Ազրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով...




















