Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.   Արտալիբանանեան Օրակարգեր

Ակնարկ. Արտալիբանանեան Օրակարգեր

Լիբանանեան ճգնաժամը կառավարութեան կազմութեամբ լուծուած տեսնելու պարզամտութիւնը չի կրնար համոզել ոեւէ մէկը: Կայ սակայն քաղաքական գործընթացի տեսանելի բեմագրութիւն մը, որ մէկ քայլ առջեւ-երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտի շարժում կը ստեղծէ: Սղաճէն բխող ծանր հետեւանքներ: Սնունդի խոր տագնապ, միաժամանակ օժանդակութիւններու տրամադրում` ամբողջովին սովամահ չդարձնելու համար աղքատացած խաւը: Վառելանիւթի հերթերու ցրուում` անոր գինի աստիճանական ազատականացումով: Այլ խօսքով` ոչ այնքան մը, որ ամբողջովին սառի...

Հռոմի Պապը Ընդունեց Հայաստանի  Նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Հռոմի Պապը Ընդունեց Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանը

«Վատիկան Նիուզ»-ը, յղում կատարելով Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան, տեղեկացուց, որ երէկ` երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին, Վատիկանի մէջ Հռոմի Ֆրանսչիսկոս պապը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, ապա նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի արքեպիսկոպոսին հետ: «Ջերմ քննարկումներու ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Սուրբ Աթոռի եւ քրիստոնէական հնագոյն աւանդութիւններով երկրի` Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ  Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Զահրանիի Մէջ Բռնկած  Հրդեհը Պատճառեց 250 Հազար  Լիթր Վառելանիւթի Կորուստը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Զահրանիի Մէջ Բռնկած Հրդեհը Պատճառեց 250 Հազար Լիթր Վառելանիւթի Կորուստը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին նախարարները պիտի ներկայացնեն իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող աշխատանքային ծրագիրները: Կառավարութեան նիստէն առաջ, նախագահ Աուն պիտի նախագահէ նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին: Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Զահրանիի ելեկտրակայանին մօտ գտնուող քարիւղի ամբարներուն մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ կարելի...

Պըրրի Շնորհաւորական Հեռագիրներ Յղեց  Նախագահներ Ասատի Եւ Սիսիի

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ շեշտած, որ պէտք է կառավարութեան աշխատանքը արագացնել` աւելցնելով, որ Միքաթիի կառավարութեան գործունէութիւնը մէկէն մէկուկէս ամսուան միջեւ կը տարուբերի: Ան նշեց, որ խորհրդարանին աշխատանքը դեկտեմբերի սկիզբէն գրեթէ առկախուած կ՛ըլլայ, նախ` տօներուն առիթով եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թուականին եւ թեկնածուներուն կողմէ իրենց ընտրական...

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Պաշտօնական  Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Վատիկան

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Վատիկան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Վատիկան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է նախագահ Սարգսեանի հանդիպում-առանձնազրոյցը Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Ըստ աղբիւրին, նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Սուրբ Աթոռի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Փիետրօ Փարոլինի հետ: Հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ...

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնները Կը Պահանջեն Մարտակերտի  Դէպքի Մեղաւորները  Պատասխանատուութեան Ենթարկել

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Պահանջեն Մարտակերտի Դէպքի Մեղաւորները Պատասխանատուութեան Ենթարկել

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնց պատճառով շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին Մարտակերտի մէջ քաղաքացիական անձ զոհուած է: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ ասիկա 9 նոյեմբերին ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է` ընդգծելով, որ «տուեալ յանցագործութիւնը պէտք է պատշաճ կերպով հետաքննուի, իսկ մեղաւորները ենթարկուին պատասխանատուութեան»: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ Ազրպէյճանի նման...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Համախմբուելու,  Մեր Երկիրն Ու Պետականութիւնը Ոչնչացման  Վտանգէն Փրկելու Հրամայականը  Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ուժերու Համախմբումը Եւ Ազգային Դիմադրութեան Ձեւաւորումը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Մենք միայն ուրախ կը լինենք, եթէ արտախորհրդարանական ուժերը խորհրդարանից դուրս պայքարի օրակարգեր ձեւաւորեն (ինչպէս դա ժամանակին անում էինք մենք): Մենք ո՛չ միայն կ՛ողջունենք դա, այլեւ լիարժէք կը համագործակցենք այդ ուժերի եւ անհատների հետ: Այսօր կան բազմաթիւ քաղաքական եւ հասարակական արժանի գործիչներ, ովքեր խորհրդարանում չեն,...

Ֆայեատի Ջանքերով Ելեկտրականութեան  Ցանցը Իր Բնական Աշխատանքին Վերսկսած Է

Ֆայեատի Ջանքերով Ելեկտրականութեան Ցանցը Իր Բնական Աշխատանքին Վերսկսած Է

Շաբաթ կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ երկրին ելեկտրականութեան ցանցը բանելէ կանգ առած է: Պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ կազ օյլի չգոյութեան պատճառով Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրակայաններու աշխատանքի դադրելուն պատճառով ամբողջ Լիբանանը մատնուած է խաւարի: Սակայն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի ջանքերով կիրակի յետմիջօրէին, գրեթէ 24 ժամ ետք, յայտարարուեցաւ, որ ելեկտրականութեան ցանցը իր բնական աշխատանքին վերսկսած է: Այս առիթով Ֆայեատ շնորհակալութիւն...

Խմբագրական.  Թարգմանչացը, Աւագանին Եւ Հայ Դպրոցը

Խմբագրական. Թարգմանչացը, Աւագանին Եւ Հայ Դպրոցը

Թարգմանչաց խորհուրդը առաջին հերթին կը նոյնացուի ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանման այդ օրերու համար միակ ու ազդեցիկ գործօնին հետ: Հայկական տառերը պիտի ապահովէին մեր մշակութային եւ քաղաքակրթական ինքնութեան պահպանումը: Պետական քաղաքականութիւն էր կիրարկուածը: Ո՛չ միայն պատուիրելու գիրերու հայկական տարբերակի մշակումը, այլեւ մանաւանդ ամբողջ հոգեւոր գրականութիւն մը թարգմանելու: Աւելի ճիշդը` հայացնելու: Ըստ էութեան հայկական քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօն, դաւանանք, արարողութիւն եւ ծէս տեսքով եւ...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կողմերուն Կոչ Ուղղած Են Իրենց Հովանիին Տակ  Որքան Կարելի Է Շուտ Վերսկսելու Բարձր  Մակարդակի Քաղաքական Երկխօսութիւնը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Պիտի Այցելեն Շրջան` Քննարկելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա) տարածած են յայտարարութիւն մը: «7 եւ 8 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցած են ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնիէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Բոլոր մասնակիցները ընդգծած...

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ,  Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները  Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ, Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

Մինչ լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ` ամերիկեան մէկ տոլարին սակը 19,600 լ. ոսկիի հասնելով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յորդանան: Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Տիւքան շեշտեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները արագացնելու...

Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց  Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երգեցողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ 387 թուականին տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք ճգնաժամային...

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: 72 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի փոխախոյեան Մալխաս Ամոյեան, որ մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Սերկէյ Քութուզովի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նախապէս, Ամոյեան Քութուզովի դէմ մրցած էր Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան կիսաւարտականին եւ արձանագրած 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ 22 տարեկան...

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան  Բողոքի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բողոքի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

Երէկ` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբերին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ` անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, գործին եւ իրականութեան անհամապատասխանութիւնը: Ցոյցի մեկնարկէն առաջ ոստիկանութեան աշխատակիցները կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած քաղաքացիներուն յորդորեցին բարձր չխօսիլ, չպոռալ, վիրաւորական արտայայտութիւններ չունենալ: Երբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան բարձրախօսով սկսաւ յիշեցնել Նիկոլ Փաշինեանի` Շուշիի...

Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը  Հռոմի Պապին Ներկայացուց Հայ Գերիներուն  Նկատմամբ Ազրպէյճանական Խոշտանգումները

Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Հռոմի Պապին Ներկայացուց Հայ Գերիներուն Նկատմամբ Ազրպէյճանական Խոշտանգումները

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին ներկայացուց հայկական կողմի գերիներուն նկատմամբ ազրպէյճանական խոշտանգումները: Այս մասին կը տեղեկացնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն` նշելով, որ հանդիպումէն առաջ Ս. Աթոռի ծառայութիւնը տեղեակ պահուած է, որ պապին հետ անհատական ձեռքսեղմումի ժամանակ երկխօսութիւն գրեթէ պիտի չըլլայ, կարելի է միայն ողջունել` 1-2 վայրկեան առաւելագոյն տեւողութեամբ: «Երբ սրբազան քահանայապետը մօտեցած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու...

«Իրան Մնայուն Կերպով  Պիտի Զօրակցի Լիբանանին»   Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Իրան Մնայուն Կերպով Պիտի Զօրակցի Լիբանանին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի շրջանին մէջ գտնուող երկիրներուն, յատկապէս արաբական երկիրներուն միջեւ մերձեցման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով իրագործուող Իրանի ջանքերուն: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նման երկխօսութիւն մը կրնայ տարբեր հարցերու առնչութեամբ բոլորին տեսակէտները իրարու մօտեցնել: Նախագահ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տիւրզի  Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Երէկ` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապու Մունայի, համայնքի Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ: Վեհափառը ողջունելով շէյխ Ապու Մունայի ընտրութիւնը մաղթեց, որ իր նուիրեալ աշխատանքով ո՛չ միայն տիւրզի համայնքը առաւել ծաղկի ու բարգաւաճի, այլ նաեւ կարեւոր նպաստ բերէ Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման: Լիբանանը ըլլալով համայնքային երկիր` իւրաքանչիւր...

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ.  Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի  44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ յարգանքի երեկոյ եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն: Բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան, որ ըսաւ, թէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ ազրպէյճանական ռազմական գրոհով ծայր տուած արցախեան երկրորդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Թուրքիան, եւ այդ պատերազմին ընթացքին...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Վարնկաթաղի  Հերոսներու Գործը Պիտի Շարունակուի»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Վարնկաթաղի Հերոսներու Գործը Պիտի Շարունակուի»

44-օրեայ պատերազմի սանձազերծման լուրը ստանալուն պէս ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան վաշտերը մէկը միւսի յետեւից մեկնեցին Արցախ եւ մարտական առաջադրանք ստացան` պաշտպանել նրա հիւսիսային սահմանների համապատասխան հատուածները: Արցախի հիւսիսում գտնուող Վարնկաթաղ գիւղին յարող` ռազմավարական նշանակութեան բարձունքը նուաճելը եւ դրանով իսկ հիւսիսային պաշտպանական գօտում ճեղքում առաջացնելը թշնամու համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունէր: ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան վաշտերի ազատամարտիկներին բախտ էր վիճակուել...

Պռօշեան Գիւղի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ.  ՀՅԴ-ի Շարքեր Մուտքի Երդման Արարողութիւն

Պռօշեան Գիւղի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ. ՀՅԴ-ի Շարքեր Մուտքի Երդման Արարողութիւն

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2021-ին, Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վարնկաթաղի զոհերու տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն: Խորհրդանշական այս օրը երդում տուին եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն միացան շուրջ 35 նորագիրներ: Երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ արցախեան առաջին պատերազմի հերոս Պետոյի շիրիմին վրայ, նոյն պանթէոնին մէջ կը հանգչի նաեւ հերոս Կարօտը. անոնց կողքին ամփոփուած են 6 հոկտեմբեր 2020-ին Վարնկաթաղի մէջ զոհուած 24 հերոսէն 17-ին...

Page 343 of 797 1 … 342 343 344 … 797

Արխիւներ