Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պարտութեան Եւ Պատերազմի Կուսակցութիւնը Չի Կրնար Աջակցութիւն Ունենալ»

December 6, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս ընտրութիւնները կը տարբերին նախորդ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն, քանի որ կ՛ընթանան համամասնական ցուցակներով. ես չեմ գիտեր` մեր պետութիւնը եւ հասարակութիւնը ինչքանո՛վ պատրաստ էին համայնքներու այսպէս հապճեպ խոշորացման, բայց ասիկա արդէն իրողութիւն է` «Երկիր»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան համայնքի ընտրատեղամասին մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելէ ետք:

Ան հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 36 համայնքներէն 19-ին կը մասնակցի ընտրութիւններուն, եւ ընդդիմադիր դաշտէն մեծագոյն յայտ ներկայացուցած քաղաքական ուժն է:

«Ես, բնականաբար, կը քուէարկեմ իմ հայրենի գիւղիս մէջ. ես 27 տարի է` գիւղին մէջ չեմ ապրիր, բայց ընտանիքս, հարազատներս, ամէն ինչ կապուած է գիւղին հետ, եւ այսօր կատարեցի ընտրութիւնս», ըսաւ ան:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները վերահսկողութեան տակ պահելու` իշխանութեան գործողութիւններուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ ատիկա ակնյայտ է, եւ այս իշխանութիւնները այդ նպատակին հասնելու համար որեւէ ապօրինութենէ զերծ չեն մնար:

«Այս ժամանակաւոր պաշտօնակատարներու նշանակումը նոյնպէս փորձ էր ընտրութիւններու ելքին վրայ ազդեցութիւն ունենալու: Ակնյայտ է, որ իշխանութիւնը իր ամբողջ պետական միջոցներով, վարչական լծակներով կը փորձէ ամէն քայլի դիմել, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները նոյնպէս նուաճէ, բայց պարտութեան եւ պատերազմի կուսակցութիւնը, այն քաղաքական ուժը, որ մեր երկրին բերած է միայն չարիք եւ աղէտ` չի կրնար աջակցութիւն ունենալ մեր ժողովուրդին կողմէ, եւ ես վստահ եմ, որ տարբեր ընտրատեղամասերու մէջ ատիկա պիտի դրսեւորուի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած Են

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.