Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Կը Շարունակուի Սիւնիքի Մէջ

Դեկտեմբեր 3, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 50-է աւելի ներկայացուցիչներ Երեւանի մէջ սկսած խորհրդաժողովի աշխատանքները կը շարունակեն Սիւնիքի մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ օրակարգը տակաւին սպառած չէ, եւ որ անիկա կը վերաբերի Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն:

Խորհրդաժողովի մեծ բաժին մը նուիրուեցաւ ու պիտի շարունակուի յատկացուիլ արցախեան հարցի ներկայ փուլի քննարկման եւ լուծումներու առաջարկներուն:

«ՀՅԴ Հայ Դատի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը Արցախի տագնապն է, անոր միջազգային սպասարկումը հանրային դիւանագիտութեան գործիքակազմով: Մանրամասն քննարկուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած արտաքին քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ներհասարակական, ներքաղաքական իրավիճակը: Կարեւոր շեշտադրում է, որ մենք գործ ունինք Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հետ: Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշուած է միջազգային եւ ներպետական օրէնսդրութեան համապատասխան, եւ մեր խնդիրը ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է»,- յայտնեց Ղուկասեան:

Օրակարգային յատուկ կէտ կայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերու պաշտպանութեան վերաբերեալ, քննարկուած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը:

«Բովանդակութիւնը, բնականաբար, չեմ կրնար ըսել, բայց այդ հարցերը եւս քննարկուած են: Ազրպէյճանի ներթափանցումը Հայաստան յարձակում է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ճշդուած` յարձակման եւ բռնութեան բնորոշման բոլոր բաղադրիչներով: Այս առումով նոյնպէս մենք ընելիք ունենք: Սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին առումով ազրպէյճանական զօրքի առկայութեան պայմաններուն մէջ այս հոլովոյթը չի կրնար առողջ ընթացք ունենալ»,- ըսաւ Գէորգ Ղուկասեան:

Նախորդը

Չաւուշօղլու Եւ Լաւրով Քննարկեցին Խաղաղութեան Ամրապնդումը Կովկասի Մէջ

Յաջորդը

Պէյճինկ-2022. Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերը Պիտի Չջնջուին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?