Մաթարելլա. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահութիւնը Այն Ձեւաչափն Է, Ուր Կարելի Է Գտնել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Կայուն Եւ Խաղաղ Լուծումը»
Իտալիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը կը նկատէ այն ձեւաչափը, ուր կարելի է գտնել Արցախի տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ ընդլայնուած կազմով հանդիպումէն ետք մամուլին համար կատարուած յայտարարութեան մէջ ըսած է Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթարելլան: Անդրադառնալով հանդիպումին` Իտալիոյ նախագահը յայտնած է, որ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցին...




















