Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 18 հոկտեմբեր 2021-ին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քլոտին Աուն-Ռուքոզի եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի: Քլոտին Աուն-Ռուքոզ ներկայացուց խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ կնոջական քոթայի (չափաբաժին) առնչուող Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն է ապահովել կիներու մասնակցութիւնը քաղաքական որոշում տուող մարմիններուն մէջ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած...




















