Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպում Սթոքհոլմի Մէջ

December 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի 28-րդ նախարարական համաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ  Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւի (Ռուսիա)  հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Զրոյցին ընթացքին շեշտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ անոր հովանիին տակ խաղաղ լուծման հոլովոյթի լիարժէք ծաւալման կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի ղեկավարութեան շարունակական ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ բռնի գործողութիւնները: Այդ շրջագիծին մէջ նախարարը կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման միտող յստակ քայլերու ձեռնարկումը: Միրզոյեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծումը, մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ վերադարձը, բռնի անհետացման դէպքերու բացայայտումը, ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործունէութեան համար կարելիութիւններու ստեղծումը:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, հայկական կողմը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը` շարունակելու աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման ուղղութեամբ` կողմերուն յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ:

Նշենք, որ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Յունաստանի, Լեհաստանի, Խըրխըզիստանի, Աւստրիոյ, Ֆինլանտայի, Ղազախստանի, Նետերլանտներու, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ:

 

 

Նախորդը

Հրաժարելով Տեղեկատուութեան Նախարարի Պաշտօնէն` Քըրտահի. «Հայրենիքս Գերիվեր Է, Քան Ընտանիքս Եւ Անձնական Կեանքս»

Յաջորդը

Կիպրոսը Հայերուն Նկատմամբ Ազրպէյճանի Յարձակումները Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.