1 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նիստ` գլխաւորութեամբ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի:
Նիստին անդրադարձ կատարուած է հարցերու լայն շրջանակի` քաղաքական բնոյթ կրող քրէական հետապնդումներէն մինչեւ ծայր աստիճան լարուած սահմանային եւ ընկերային խնդիրներ:
Քննարկուած են նաեւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ընելիքները եւ հաւանական զարգացումները: