Ընդդիմութիւնը Յաղթած Է Վարդենիսի,
Աբովեանի Եւ Վանաձորի Մէջ
Հայաստանի տարբեր մարզերու 36 խոշորացուած համայնքներու մէջ 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան ժամը 20:00-ի դրութեամբ, նախնական տուեալներով, մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1 միլիոն 112 հազար 396 քաղաքացիներէն 472 հազար 528-ը կամ 42,48 առ հարիւրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքը:
Համայնքապետի ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Արարատի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Վայոց Ձորի, Շիրակի եւ Կոտայքի խոշորացուած համայնքներուն մէջ:
Նշենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 36 համայնքներէն 19-ին մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, եւ ընդդիմադիր դաշտէն ամէնէն մեծ յայտ ներկայացուցած քաղաքական ուժն էր:
Նախնական արդիւնքներով, ընդդիմութիւնը յաղթած է Վարդենիսի, Աբովեանի եւ Վանաձորի մէջ, պարտուած` Հրազդանի, Նոյեմբերեանի եւ Աշտարակի մէջ: