ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ շնորհաւորեց Եոաննիս Քասուլիտեսի Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերանշանակումը:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Քասուլիտեսի երրորդ անգամ ըլլալով կիպրական դիւանագիտութեան պետի պաշտօնին նշանակումը կարեւոր զարգացում մըն է, որ պիտի ամրապնդէ կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ կապերը, որովհետեւ Քասուլիտես ծանօթ է հայկական հարցերուն վերաբերեալ իր կեցուածքներով, «եւ սերտ կապեր ունի Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի մեր պաշտօնակիցներուն հետ»: