Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւը Սպառնացած Է Խոչընդոտել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութիւնը

January 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան, 1news.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ազրպէյճանական կողմը պիտի խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող միջազգայնօրէն միակ ճանչցուած ձեւաչափի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը:

Ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ալիեւ հեգնանքով խօսեցաւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գործունէութեան մասին` ըսելով. «Ես տեղեակ չեմ, թէ ինչո՛վ կը զբաղի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Կը կարծեմ` անոնք հիմա կը պատրաստուին յոբելենական միջոցառումներուն: Ինչպէս յայտնի է, Մինսքի խմբակը ստեղծուած է 1992 թուականին, եւ այս տարի կ՛ամբողջանայ անոր 30-ամեակը»:

Ի հեճուկս մինչեւ հիմա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կատարած յայտարարութիւններուն` Ալիեւ յայտնեց, թէ համանախագահները «այլեւս պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապով, քանի որ հարցը արդէն լուծուած է»:

Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ազրպէյճան պիտի կասեցնէ Մինսքի խմբակի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղելու որեւէ փորձ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան` Ալիեւ ծաղրանքով ըսաւ. «Ըստ էութեան, [համանախագահները] արդէն 30 տարուան աշխատանքային փորձառութիւն ունին, անոնք թոշակառու դառնալու շեմին են: Այդ իսկ պատճառով անոնց երկար տարիներ եւ քաջառողջութիւն կը մաղթեմ»:

Նախորդը

Փութինն Ու Փաշինեանը Քննարկած Են Ղազախստանի Եւ Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ը Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Զերծ Մնալու Ուժի Կիրարկումէն Եւ Բովանդակալից Երկխօսութեան Մէջ Մտնելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.