Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը` Երկրին Մնացորդացը Փրկելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մը կարելիութիւնը քննարկելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Պաապտայէն յայտարարեց, որ անցեալի փորձառութիւնները սորվեցուցած են, որ հարցերու լուծման միակ ուղին երկխօսութիւնն է, ատկէ մեկնած ալ ՀՅԴ-ն եղած է եւ կը շարունակէ մնալ երկխօսութեան հրաւիրողն ու զօրակցողը` ինչ ալ ըլլայ անոր ձեւը:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօր, երբ Լիբանան մղձաւանջային օրեր կ՛ապրի եւ արդէն իսկ կը գտնուի անդունդին յատակը,  կը դիմենք դուրսի աշխարհին մեզի օժանդակելու եւ մեզ փրկելու լուծումներ գտնելու համար, «բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է, որ ներքին առումով եւս հանդիպինք, քննարկենք եւ երկխօսութիւն ծաւալենք: Այս տրամաբանութենէն մեկնած ալ, եթէ երկխօսութեան հրաւէր ստանանք, պիտի ընդառաջենք եւ աշխատինք զայն յաջողցնելու ի խնդիր: Կառավարութեան եւ ընդհանուր կարգ ու կանոնի բացակայութեան վիճակին մէջ, երկխօսութիւնը կը նկատենք միակ միջոցը երկրին մնացորդացը փրկելու», հաստատեց ան:

Բագրատունի կոչ ուղղեց որեւէ վէճէ եւ սադրանքէ խուսափելու, Պաապտայի մէջ միասնաբար նստելու` հեռու բարձրագոչ յայտարարութիւններէ, մանաւանդ որ ժամանակ չկայ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ սպասելու:

«Քաղաքացին անօթի է, աղքատութիւնը կը թակէ Լիբանանի շերտերուն մեծամասնութեան դռները: Աղքատութիւնը, անարդարութիւնն ու նուաստացումը մեզ կը հասցնեն հոն, ուր չենք ուզեր ըլլալ:

1975-ին փորձեցինք պատերազմը եւ ստիպուած ուղղուեցանք Թաէֆ, 7 մայիսի նախօրեակին զգուշացուցինք սադրանքներէն, որոնք պարտադրեցին իրենք զիրենք, եւ ստիպուած ուղղուեցանք Տոհա», ընդգծեց ան:

Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի ողբերգական կացութեան դէմ յանդիման, ուստի պէտք է խուսափիլ ամէն տեսակի սադրանքէ եւ կռուըտուքէ: «Դուրսի աշխարհին օժանդակութիւնը կ՛ըլլայ` անոր շահերէն մեկնած, ուստի անհրաժեշտ է, որ մենք մեզի օժանդակենք», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութեամբ

Յաջորդը

Թուրքիան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Չընդլայնելու Եգէական Ծովուն Մէջ Իր Տարածքային Ջուրերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.