Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութեան Կոչ Ուղղուեցաւ` Ազրպէյճանի Սադրանքները Դադրեցնելու Գործուն Միջոցներու Ձեռնարկելու

January 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 13 յունուար 2022-ի յատուկ նիստին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու ներկայացուց լեհական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ յաջորդած միտքերու փոխանակման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակ կազմակերպուող սադրանքներուն եւ զինուորական բախումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային կորուստներու:

«Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք 12 մայիս 2021-էն ներխուժած ազրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներուն կողմէ 11 յունուար 2022-ին հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով կազմակերպած սադրիչ գործողութեան, որուն պատճառով զոհուած են Հայաստանի զինուորներ Արթուր Մխիթարեանը, Ռուդիկ Ղարիբեանը եւ Վահան Բաբայեանը:

«Ընդգծուեցաւ, որ վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ այդ բախումները նախաձեռնած է Ազրպէյճանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ուշադրութեան յանձնուեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերի ինկած քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու խնդիրները, որոնք մինչեւ օրս չեն հանգուցալուծուած` Ազրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ներքեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու ոտնահարման պատճառով:

Դեսպան Պապիկեան կոչ ուղղեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` գործուն միջոցներու ձեռնարկելու` դադրեցնելու Ազրպէյճանի սադրանքները, եւ վերսկսելու տագնապի լուծման խաղաղ հոլովոյթին:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

Յաջորդը

Տեղ Համայնքի Բնակիչը Առեւանգուած Է Ազրպէյճանի Կողմէ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.