Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Համաձայնած Են Առանց Նախապայմանի Շարունակելու Բանակցութիւնները

January 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 14 յունուար 2022-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճի հանդիպումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած առաջին հանդիպումի ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերաբերեալ իրենց նախնական միտքերը փոխանակած են:

Կողմերը համաձայնած են առանց նախապայմանի շարունակելու լիարժէք լուծման ուղղուած բանակցութիւնները:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը որակած է դրական եւ կառուցողական:

«Իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին, որ անցաւ դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, յատուկ ներկայացուցիչները նախնական միտքեր փոխանակած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան միջոցով իրականացուելիք կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ: Կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման նպատակով բանակցութիւնները` առանց նախապայմանի», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպման վայրն ու ժամկէտը պիտի որոշուի աւելի ուշ` դիւանագիտական խողովակներով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին վերաբերեալ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսած է. «Կողմերը դրսեւորած են իրենց պատրաստակամութիւնը երկխօսութեան մէջ մտնելու կառուցողական, ոչ քաղաքականացուած ձեւով, բաց ոգիով եւ կեդրոնանալով գործնական արդիւնքներու վրայ` «փոքր քայլերով» դիւրինէն շարժելով դէպի բարդը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու որոնումները հասարակաց կէտերու, որոնք պիտի աշխատին ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներու` ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան բանբեր Փեթեր Սթանօ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու առաջին հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածելով յայտնած է. «Այս ուրբաթ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը կարեւոր քայլ էր դէպի առաջ, եւ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` այդ ուղղութեամբ հետագայ ջանքեր գործադրելու:

«Յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հետագայ որեւէ շօշափելի քայլ լաւ նորութիւն պիտի ըլլար շրջանային կայունութեան եւ հաշտեցման ու տնտեսական զարգացման հեռանկարներու համար», նշած է Սթանօ:

Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան բանբերը ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի Եւրոպական Միութեան համար երկու երկիրներուն հետ անոր փոխադարձ գործակցութեան առումով:

«2014 թուականէն ի վեր Եւրոպական Միութիւնը աւելի քան 4,5 միլիոն եւրօ յատկացուցած է այն նախագիծերուն համար, որոնք ուղղուած են հող նախապատրաստելու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար շարք մը ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են տնտեսութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ցուցաբերելու հետագայ աջակցութիւն, հաւանական է լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկել յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», եզրափակած է Սթանօ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը` Ազրպէյճանի Ապակառուցողական Ու Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Մոսկուայի Մէջ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Բանակցութիւններու Մեկնարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.