Գլխաւոր լուրեր

«Կը Հաւատամ Լիբանանի Յարութեան, Սակայն Կան  Տեղեկագիրներ, Որոնք Կ՛ակնարկեն Երկրին Կացութիւնը  Վատթարացնելու Նպատակով Գործող Կողմերու»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կը Հաւատամ Լիբանանի Յարութեան, Սակայն Կան Տեղեկագիրներ, Որոնք Կ՛ակնարկեն Երկրին Կացութիւնը Վատթարացնելու Նպատակով Գործող Կողմերու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երէկուան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի հիմնական առարկայ դարձան տնտեսական իրադարձութիւնները եւ ելեւմտական կացութիւնը բարելաւելու բանակցութիւնները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ Լիբանանի յարութեան եւ կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ան գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` հասնելու համար այն նպատակին, որ կը ծառայէ երկրին ու քաղաքացիներուն շահերուն: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը գործէ այնպիսի քարտէսի...

Կեանքէն Հեռացաւ Նախկին Երեսփոխան  Մեթր Վարդգէս Շամլեան

Կեանքէն Հեռացաւ Նախկին Երեսփոխան Մեթր Վարդգէս Շամլեան

25 ապրիլին կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ մեթր Վարդգէս Շամլեանը: Ան ծնած է 1928 թուականին, Կիլիկիոյ Ալեքսանտրեթ քաղաքին մօտակայ Պէյլան բնակավայրին մէջ: Տասնմէկ տարեկանին ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Լիբանան: Կ՛աւարտէ Պէյրութի Համազգայինին Նշան Փալանճեան Ճեմարանը: Կ՛աւարտէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Այս ուսումնական...

«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը`  Սասունցի Դաւիթի Արձանի Մօտէն

«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը` Սասունցի Դաւիթի Արձանի Մօտէն

Երէկ` 26 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Զարթնի՛ր լաօ» «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթը` այս անգամ Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն: «Որեւէ ձերբակալութեամբ, քաշքշուքով, նման մեթոտներով, մեր պայքարը չէք կրնար կասեցնել, յաճախ նոյնիսկ ուշադրութիւն պիտի չդարձնենք, պիտի երթանք մինչեւ վերջ. եթէ հօրը բռնէք` տղան պիտի ըլլայ փողոցը, քրոջը բռնէք` եղբայրը, դրացիին բռնէք` միւսը, հետեւաբար, այս շարժումը կասեցնել կարելի չէ», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի...

Դաւիթ Բաբայեան Հաստատեց, Որ Արցախի  Արտաքին Հայեցակարգին Վերաբերող  Գերխնդիրները Անփոփոխ Են

Դաւիթ Բաբայեան Հաստատեց, Որ Արցախի Արտաքին Հայեցակարգին Վերաբերող Գերխնդիրները Անփոփոխ Են

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները 26 ապրիլին քննարկեցին շրջանային վերջին զարգացումները: Անոնք անդրադարձան նաեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն: Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ Արցախի արտաքին հայեցակարգին մէջ ընդգրկուած գերխնդիրները մնացած են անփոփոխ` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծումը` պաշտօնական Ստեփանակերտի լիիրաւ մասնակցութեամբ, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնումն ու խորացումը...

Պրիւքսելի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  Յուշարձանը Պղծուեցաւ

Պրիւքսելի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Պղծուեցաւ

«Պելճիքայի հայերու կոմիտէ»-ն կը տեղեկացնէ, թէ Պրիւքսելի «Հանրի Միշօ» հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքար-յուշարձանը պղծուեցաւ: Անոր վրայ ներկուեցան թրքական երեք կարմիր մահիկներ: Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ պղծումը, որ կատարուած է Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրուան յաջորդ օրը: «Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն իբրեւ թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ` վախցնելու ծագումով հայ պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը կը սերի Ցեղասպանութեան զոհ...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ապրիլ 24-ի նշումին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի կացութեան վրայ: Յատկապէս շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու յանձնառութեամբ:

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Պիտի Մնայ Ժողովուրդին Հետ` Կառչած Մնալով Անոր Իրաւունքներուն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Պիտի Մնայ Ժողովուրդին Հետ` Կառչած Մնալով Անոր Իրաւունքներուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի հիւրը` «Լիբանան... Ընտրութիւններ եւ ընտրանքներ» յայտագիրին շրջագիծին մէջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Հաւասարակշռուած Քաղաքականութեամբ Լիբանանի Համար Կարիք Է Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 1943-էն ի վեր Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութիւնն է հիմնական պատճառը, որ ան քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ լուրջ հարցեր...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Բազմամարդ ու կարգապահ քայլարշաւով 24 ապրիլին...

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Աւանդական Ջահերով Երթը Երեւանի Մէջ Համախմբեց Հազարաւոր Հայորդիներ

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Աւանդական Ջահերով Երթը Երեւանի Մէջ Համախմբեց Հազարաւոր Հայորդիներ

Իշխան Սաղաթէլեան. «Զանգը Հնչած Է. Սա Նոր Սարդարապատի, Նոր Բաշ Ապարանի, Նոր Զարթօնքի Զանգն Է» 23 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ կը կրէր «Զարթնի՛ր լաօ» խորագիրը: Հանրապետութեան հրապարակը բազմամարդ էր: Պայքարի ջահակիրները կ՛երգէին երթի խորհրդանիշ «Զարթնիր լաօ» երգը: Երթին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի...

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ`  Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ: Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Թրամփին Ուղերձը

«Նախագահ Պայտըն Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Անցնի Շօշափելի Քայլերու» Կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնամեայ ուղերձին առիթով յայտարարութիւն հրապարակած է: «Ամերիկահայերը նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Միացեալ Նահանգներէն կ՛ակնկալեն շօշափելի քայլեր` Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութեան ապահովման եւ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար, որ կը բխի Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներէն եւ յարձակումներէն: «Նախագահ Պայտըն Քոնկրեսին առաջին անգամ միանալէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը՝ Տէր Զօր Ուխտագնացութեան Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը՝ Տէր Զօր Ուխտագնացութեան Առիթով

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, Կրկին Ապրիլ է. Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով գլխահակ կը յարգենք մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն անմար յիշատակը եւ անգամ մը եւս կը բարձրացնենք մեր բողոքն ու արդարութեան պահանջքը համաշխարհային մայրաքաղաքներուն մէջ: Կրկին Տէր Զօր ենք՝ հաղորդուելու համար հայութեան կոտորածի, տառապանքի, ողբի, արեան ու զոհողութեան մեծագոյն այս յուշակեդրոնի խորհուրդով։ Իւրաքանչիւր հայորդի քաջ գիտէ, որ Սուրիոյ «անապատի մարգարիտ»ը նկատուող...

Խմբագրական.   Համահայկական Դիմադրութեան Հրամայականը (Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Առիթով)

Խմբագրական. Համահայկական Դիմադրութեան Հրամայականը (Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Առիթով)

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը քաղաքականօրէն բարդ, անորոշ եւ անհեռանկար պայմաններու մէջ կը նշենք: Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մանաւանդ հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան գծով գոյացած էր համահայկական համախոհութիւն: Կարելի է ըսել, որ  հատուցման օրակարգը նոյնիսկ պետականացած էր 3-րդ նախագահին կողմէ Սեւրի պայմանագիրին եւ Իրաւարար վճիռին այժմէական նշանակութեան ընդգծումով, Համահայկական հռչակագիրով եւ մանաւանդ հատուցման իրաւական թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին...

«Ծունկի Չեն Կրնար Բերել Մեզ, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդին Հետ Հաւաքականութիւն Ենք, Հաւաքական Ուժ, Հաւաքական Շահ, Հաւաքական Ես»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Ծունկի Չեն Կրնար Բերել Մեզ, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդին Հետ Հաւաքականութիւն Ենք, Հաւաքական Ուժ, Հաւաքական Շահ, Հաւաքական Ես» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Միասի՛ն, Երէկ, Այսօր Եւ Մի՛շտ» Խորագիրով Ժողովրդային Անդրանիկ Հաւաք Երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ տարբեր եռուզեռ կը տիրէր Պուրճ Համուտի մէջ, յատկապէս` հրապարակին եւ «Արին» կեդրոնի մօտերը: Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կեդրոնին դիմաց կայանալիք ժողովրդային հաւաքին ընդառաջ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը տողանցեց Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` հնչեցնելով ազգային երգեր: Ժամը 8:00-ին ընթացք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական...

«15 Մայիսին Պէտք Է Ուղղուիլ Քուէատուփ Եւ Քուէարկել Ու Ընտրել Խիղճով Ու Սրտով»  Հաստատեց Յ. Բագրատունի

«15 Մայիսին Պէտք Է Ուղղուիլ Քուէատուփ Եւ Քուէարկել Ու Ընտրել Խիղճով Ու Սրտով» Հաստատեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Սաֆա Տարուիշի «Պիլա ռամատիա» դիմատետրեան յայտագիրին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, Լիբանանի մէջ հիմնադրութեան` հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկրին ամէնէն հին կուսակցութիւնն է` 1902: Անոր ուսանողական միութիւնը` Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, հիմնուած է 1904-ին, իսկ պաշտօնաթերթն է «Ազդակ»-ը, որ դարձեալ...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւնը. «Իշխանութիւնը Հերթական Անգամ Խախտում Է Սահմանադրութիւնը»

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Հայրենակիցնե՛ր, Օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը, հերթական անգամ խախտելով Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, մինչեւ ապրիլի 24-ը հրաժարւում է Ազգային ժողովում «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնած լսումների անցկացման համար տրամադրել Ազգային ժողովի դահլիճը եւ ուղիղ հեռարձակում ապահովել` ներկայացնելով անհիմն արհեստագիտական պատճառաբանութիւն: Ազգային ժողովի` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման վերաբերեալ յայտարարութեան նախագծին նուիրուած խորհրդարանական լսումները նախատեսուած էր անցկացնել ապրիլի...

Մոսկուայի Մէջ.  Փութին Եւ Փաշինեան Ընդգծած Են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի  Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Ներուժի  Եւ Փորձի Օգտագործման Կարեւորութիւնը

Մոսկուայի Մէջ. Փութին Եւ Փաշինեան Ընդգծած Են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Ներուժի Եւ Փորձի Օգտագործման Կարեւորութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի սկիզբը յայտարարեց, որ իրենք Արցախի անվտանգութեան առնչուած հարցեր եւ այնտեղ տիրող կացութիւնը պիտի քննարկեն: «Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, ներառեալ Ղարաբաղի հարցը: Շատ խնդիրներ մնացած են, համաձայն եմ ձեզի հետ: Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք, ամէն շաբաթ կամ 10 օրը անգամ մը հեռաձայնով կը...

«Բարոյական Պարտաւորութիւն Ունիմ Սրբագրելու  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Դէմ  Կատարած Սխալ Յայտարարութիւնս»  Շեշտեց Ղասսան Սէուտ

«Բարոյական Պարտաւորութիւն Ունիմ Սրբագրելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Դէմ Կատարած Սխալ Յայտարարութիւնս» Շեշտեց Ղասսան Սէուտ

Լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Ղասսան Սէուտ երէկ դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրի հիւրը: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սէուտ անդրադարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին, որուն ընթացքին արծարծած էր Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի հարցը: «Օ. Թի. Վի.» կայանի հաղորդավար Տալիա Տաղերի հետ իմ հարցազրոյցիս ընթացքին, յայտարարեցի, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը...

Page 307 of 797 1 … 306 307 308 … 797

Արխիւներ