Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ աւարտին յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին:
Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը պէտք եղած միջոցառումները որդեգրեց, որ խորհրդակցութիւններէն անմիջապէս ետք նշանակուած վարչապետը հրաւիրուի Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:
Նշենք, որ արաբական աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ Նեժիպ Միքաթի վարչապետ պիտի վերանշանակուի: Նոյն աղբիւրները աւելցուցած են, որ արաբական մայրաքաղաքներ, որոնց շարքին` Ռիատ, չեն մերժեր Միքաթիի նշանակումը, որովհետեւ ան կը վայելէ սիւննի երեսփոխաններուն մեծամասնութեան հաւանութիւնը:
«Այս շրջագիծին մէջ եգիպտական, յորդանանեան եւ էմիրաթական յստակ զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի Միքաթիի անձին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հրապարակուած է յորդանանեան-սէուտական միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը հաստատէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապը լուծելու նպատակով բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը», կը նշեն նոյն աղբիւրները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակն ու անոր լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն Թրապուլսիի հետ քննարկեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ երկրին ծովային սահմանագծումը կատարելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Նեփալի բանակի հրամանատար զօր. Փրապու Ռամ Շարմա: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք նաեւ, որ տիրող տնտեսական տագնապին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ լիբանանեան պետութեան կատարած բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, Լիբանանի դրամատուներու միութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ միութիւնը բացարձակապէս չի մերժեր լիբանանեան պետութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համաձայնութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ այդ համաձայնութիւնը ներկայ տագնապը թօթափելու լաւագոյն լուծումներէն մէկն է:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ արձանագրուած վնասներուն պատասխանատուութիւնները ստանձնելու առումով պէտք է հերթականութիւն ճշդուի, «որովհետեւ կարելի չէ դրամատնային մարզն ու դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները պատասխանատու նկատել տարիներու ընթացքին պետական մարզին արձանագրած վնասներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: