Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգ Է Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանին Զինուորական Աջակցութեան Տրամադրումով

June 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հաղորդումով` հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական յարձակումին, նախագահ Ճօ Պայտըն դարձեալ հրաժարած է 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կիրարկումէն եւ ճամբայ բացած Ալիեւի հակահայկական ու փտած վարչակարգին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար:

Մեկնաբանելով նախագահ Պայտընի որոշումը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նշած է. «Նախագահ Պայտընի Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելու որոշումը «կանաչ լոյս» է, ինչ որ կրկին կը քաջալերէ Ալիեւը` շարունակելու հայ պատերազմական գերիներու անօրինական բանտարկութիւնը, Արցախի դէմ մահաբեր յարձակումներն ու Հայաստանի գերիշխան տարածքի շարունակական բռնագրաւումը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ` Միացեալ Նահանգներու Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւնը զերոյացնելու եւ 907-րդ բանաձեւի կատարումէն հրաժարելու նախագահական իրաւասութիւնը սահմանափակելու համար:

«Նախագահ Պայտըն, մինչեւ պաշտօնավարումը ստանձնելը` 14 հոկտեմբեր 2020-ին, յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգները պէտք է ամբողջութեամբ իրականացնեն եւ չհրաժարին «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» 907-րդ յօդուածի պահանջներէն ու դադրեցնեն սպառազինութեան դէպի Ազրպէյճան հոսքը»: Պայտըն առաջին անգամ իր դիրքորոշումէն հրաժարեցաւ 23 ապրիլ 2021-ին:

«907-րդ բանաձեւը ուժի մէջ մտած է 1992 թուականին եւ կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանի կառավարութեան տրամադրուող օգնութեան կանոնադրական սահմանափակումներ, քանի դեռ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը շօշափելի քայլեր չի ձեռնարկեր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շրջափակումներն ու յարձակումները դադրեցնելու ուղղութեամբ: 2002 թուականին Քոնկրեսը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կարելիութիւն տուաւ ամէն տարի հրաժարելու 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կիրարկումէն, ինչ որ Միացեալ Նահանգները կ՛ընէին մինչեւ այսօր:

«Յատկանշական է, որ 907-րդ բանաձեւի պահանջներու կատարումէն այս հրաժարման նախորդած էր տարեսկիզբին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակի յատուկ հաղորդումը, թէ Ազրպէյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը հաշուի չէ առած Հարաւային Կովկասի մէջ ուժի հաւասարակշռութեան խախտման հաւանականութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ատոր վերաբերեալ Քոնկրեսին պատշաճ կերպով չէ զեկուցած: Զեկուցումին համաձայն, 2002-2020 թուականներուն ընթացքին Ազրպէյճանը ստացած է 808 միլիոն տոլարի ամերիկեան օգնութիւն:

«Ազրպէյճանին ամերիկեան բազմաբնոյթ զինուորական օժանդակութենէն զրկումը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն է, եւ այդ ուղղութեամբ յանձնախումբի աշխատանքները ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակուին»:

 

Նախորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Նախաձեռնութեամբ Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը» Պաքուէն Յայտարարեց Լաւրով

Յաջորդը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.