Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Սալամ Կը Հաստատէ Անոր Նկատմամբ Պետական Օժանդակութիւնը Պահելու Որոշումը

Յունիս 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաց գտա՞ք», «Հաց կրցա՞ք գնել», «Հաց չկայ». լիբանանցին այս արտայայտութիւններով անցուց իր երէկուան առօրեան` առանց իմանալու, թէ շաբաթավերջին ի՛նչ կամ ինչե՜ր կը սպասեն անոր:

Փուռերուն մէջ հաց ստանալու համար հերթերը շարունակուեցան, վաճառատուները հացը վաճառեցին յաճախորդի նախապատուութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ հացին սակը չարաշահելով, հացի համար կռիւներ պատահեցան, եւ օրը անցաւ պետութեան կողմէ հացին տրամադրուած օժանդակութիւնը պահելու խոստումով:

Այս յայտարարութիւնը կատարեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ` նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ փուռերու սեփականատէրերու պատուիրակութեան մը հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք:

Հանդիպումին ընթացքին ցորենին, ալիւրին եւ հացին վերաբերող վերջին զարգացումները քննարկելէ ետք, Ամին Սալամ ցաւ յայտնեց այս շաբթուան պարզած պատկերին համար` աւելցնելով, որ պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրած է ցորենի օժանդակութիւնը ապահովելու իմաստով, որպէսզի շարունակէ արաբական հացին իր տրամադրած օժանդակութիւնը:

Սալամ նշեց, որ ալրաղացներու սեփականատէրերուն մօտ կար հիմնական մտավախութիւն մը, որ իրենց տրամադրուած պետական օժանդակութիւնը կասեցուի` աւելցնելով, որ ինք Կեդրոնական դրամատան հետ պիտի շարունակէ այդ հարցը քննարկել:

«Հացին տրամադրուած օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, եւ այդ որոշումը կառավարութեան կողմէ կը տրուի եւ ոչ թէ սենտիքաներուն կամ տարբեր խմբաւորումներուն կողմէ: Պետութիւնը արաբական հացին օժանդակութիւնը պիտի պահէ», շեշտեց ան:

Սալամ նկատել տուաւ, որ Միջազգային դրամատան կողմէ 150 միլիոն տոլար տրամադրուած է Լիբանանին, որպէսզի ցորենի իր կարիքները հոգայ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` վերստին վարչապետ նշանակուելուն առիթով:

Միւֆթի Տըրիան յաջողութիւն մաղթեց Միքաթիին` յոյս յայտնելով, որ ան կ՛իրականացնէ հայրենիքին զարթօնքն ու բարգաւաճումը` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կ՛աշխուժացնէ պետական հաստատութիւններն ու կը կատարէ շարք մը բարեկարգումներ:

Վարչապետ Միքաթի կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարէ երկուշաբթի, 27 եւ երեքշաբթի, 28 յունիսին, խորհրդարանին մէջ:

Նշենք, որ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերուն ժամանակացոյցը, որուն հիման վրայ պիտի կատարուին վարչապետին խորհրդակցութիւնները` անկախ երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն ու համախմբումներուն հետ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Հանիէն

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Նախաձեռնութեամբ Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը» Պաքուէն Յայտարարեց Լաւրով

RelatedPosts

Կոչ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Օգոստոս 11, 2022
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Օգոստոս 11, 2022
Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին  Վերաբերող Ժողովի Մը
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ժողովի Մը

Օգոստոս 11, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In