Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առիթով

June 22, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ըստ օրինի կատարուեցան երկու փուլով, աւարտեցան կիրակի, 19 յունիսին:

Ֆրանսայի Հայ դատի բարեկամ թեկնածուները, որոնք կը վայելէին ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը, մեծաւ մասամբ արձանագրեցին յաջողութիւն, մինչ թրքամէտ եւ ազերիամէտ համարեա բոլոր թեկնածուները, որոնց դէմ զուգահեռաբար հակաքարոզչական կազմակերպուած աշխատանք տարուած էր, կրեցին ծանր պարտութիւն: Նշենք, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մաս կը կազմեն հայազգի չորս պատգամաւորներ` Սարա Թանզիլի, Կիյոմ Գասպարեան, Տիտիէ Փարաքեան եւ Աստղիկ Փանոսեան-Պուվէ, որոնց կը մաղթենք ամենայն յաջողութիւն:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ընթացաւարտ հնգամեակի պատգամաւոր Տանիէլ Ղազարեանին, որ ունեցաւ փայլուն ու արժանապատիւ գործունէութիւն եւ միշտ գտնուեցաւ հայ համայնքի ու Հայ դատի կողքին, սատարելով բոլոր կարիքներուն:

Յատուկ շնորհաւորութեան արժանի է, անշուշտ, Սարա Թանզիլին, որ Ռոն-Ալփի շրջանէն ընտրուեցաւ պատգամաւոր` իշխող նախագահական կուսակցութեան ցանկով: Սարան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ է, փոքր տարիքէն մաս կազմած է Դաշնակցութեան ընտանիքին: Ան ունեցած է ազգային-կուսակցական նկատառելի գործունէութիւն, բայց մանաւանդ` Հայ դատի ծիրին մէջ, իբրեւ յանձնախումբի աշխուժ անդամ: Ան տնօրէնն է Տեսինի Հայ մշակոյթի կեդրոնին:

Վստահ ենք, որ Հայ դատի զօրակցութիւնը վայելող բոլոր պատգամաւորները պիտի շարունակեն հայանպաստ իրենց դիրքորոշումները ցուցաբերել, այս անգամ` Ազգային ժողովի բարձրագոյն ամպիոնէն:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՓԱՐԻԶ, 20 ՅՈՒՆԻՍ 2022

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Շարունակելու Մինսքի Խմբակին Մէջ Համագործակցութիւնը` Յանուն Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման» Կ՛ըսէ Տանֆրիտ

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Հրաւիրած Է Աշխատանքային Խորհրդակցութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.