Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Ներկայացուցիչները Եռօրեայ Այցելութիւն Տուին Արցախ

Յունիս 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիմադրութեան» շարժման ներկայացուցիչները 21-23 յունիսին եռօրեայ այցելութիւն տուին Արցախի Հանրապետութիւն, հանդիպումներ ունեցան քաղաքական ուժերու, Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Արցախի նախկին նախագահներուն հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, պատգամաւորներ Տիգրան Աբրահամեան, Աղուան Վարդանեան, Արամ Վարդեւանեան, Արթուր Սարգսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն հետ այցելեցին Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններ, հանդիպում ունեցան բնակիչներուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներուն հետ: Առանձին հանդիպում կայացաւ նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ` մայրաքաղաքի վարչական ղեկավարութեան, աշխատակազմի, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու տնօրէններուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպումներուն ընթացքին «Դիմադրութեան» շարժման համածրագրող Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց շարժման ընթացքը, մարտահրաւէրներն ու յառաջիկայ աշխատանքները:

Ընդգծուեցաւ, որ «Դիմադրութեան» շարժումը առաւել համահայկական ու ընդգրկուն դարձնելու առումով առանցքային տեղ ունի Արցախի Հանրապետութիւնը:

Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան, որ, հակառակ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն` Արցախի Հանրապետութեան հետ ողջամիտ ու պատշաճ փոխադարձ գործակցութեան բացակայութեան, պէտք է իրականացուին միացեալ ծրագիրներ եւ փոխադարձ այցելութիւններ:

Վերահաստատուեցաւ, որ Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին համար ուղենիշ կը մնայ 14 ապրիլ 2022-ին Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ամրագրուած են Արցախի ապագային վերաբերող առանցքային սկզբունքներն ու կարմիր գիծերը:

Նախորդը

«Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցելու Ընդհանուր Սահմանի Յստակացման Հարցին Մէջ Պաքուի Ու Երեւանի Աշխատանքին Եւ Ունի Որոշակի Առաջարկներ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Իսրայէլի Կողմէ Դամասկոսի Օդակայանի Ռմբակոծումը Չափազանց Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?