Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Գրասենեակ, Ոստիկանութեան Եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքեր

Յունիս 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները երէկ, 20 յունիսին շտապ հաւաք կազմակերպած են Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ապա երթով շարժած դէպի «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի գրասենեակ, Ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքեր:

Հաւաքին շարժառիթը նախանցեալ օրուան երեկոյեան Ապարանի Նիգաւան համայնքին մէջ արիւնալի դէպքն էր, որուն հետեւանքով 4 անձ մահացած է:

Երթին մասնակիցները բարձրացուցած էին «Նիկոլիզմի զոհ ենք բոլորս», «Նիկոլ= ՄԱՀ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:

«Դիմադրութեան» շարժման երթը մօտեցաւ «Քաղաքական պայմանագիր»-ի գրասենեակին:

«Առանց ՔՊ Հայաստան», «Դաւաճան հեռացի՛ր», «Նիկոլ մարդասպան» վանկարկեցին երթին մասնակիցները:

«Այսօր եկած ենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը բռնագրաւած ահաբեկչական յանցաւոր խումբի որջին դիմաց, որպէսզի անգամ մը եւս փաստենք, որ տեւական ժամանակ հայ ժողովուրդը տեղեկատուական ահաբեկչութեան ենթարկածները երէկ սրտի եւ հոգիի փառաւորմամբ հերթական արձանագրումը կատարեցին, որ իրենց համար հայ մարդու կեանքը մէկ դահեկանի արժէք չունի: Իրենք ֆիզիքական հաշուեյարդար կը տեսնեն անոնց հետ, որոնք դէմ են Հայաստանի թրքացման, ով որ դէմ է թուրք-ազրպէյճանական օրակարգի Հայաստանի մէջ արմատաւորման, ով որ առհասարակ դէմ է, որ Հայաստանը կառավարուի ոչ ազգային ուժերու կողմէ», յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան:

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի արիւնոտ ձեռքերով վերածուած է քաղաքացիական պատերազմի կուսակցութեան», նշեցին շարժման մասնակիցները:

Անոնք կարմիր ներկ լեցուցին շէնքին մօտ եւ երթով շարժեցան դէպի Ոստիկանութիւն:

«Այն ինչ որ եղաւ Ապարանի մէջ, կարելի՞ էր արդեօք կանխել: Այո՛, վստահաբար կարելի էր: Կարելի էր այդ դժբախտ դէպքը տեղի չունենար: Բայց այն պայմաններուն մէջ, երբ սեփական իշխանութիւնը պահելու համար Հայաստանի տարբեր մարզերէն հազարաւոր ոստիկաններ չբերուէին Երեւան, եւ անոնք ստիպուած չըլլային այստեղ օրերով մնալ, այլ կատարէին իրենց պարտականութիւնը` պաշտպանելով հասարակական կարգը: Ապարանի դէպքը կարելի էր կանխել, եթէ Հայաստանի մէջ ոստիկանը վստահ ըլլայ, որ ինք օրէնք կը պաշտպանէ, այլ ոչ թէ Նիկոլն ու Նիկոլի ՔՊ-ական յանցախումբը, երբ վստահ ըլլայ, որ օրէնքով կը գործէ, այլ ոչ թէ Նիկոլի կամքով», Ոստիկանութեան շէնքին մօտ յայտարարեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

Ոստիկանութեան մօտ քաղաքացիները մոմավառութիւն կազմակերպեցին` ի յիշատակ Ապարանի մէջ զոհուած քաղաքացիներուն:

«Դիմադրութեան» շարժման յաջորդ կանգառը Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն էր:

«Մենք հիմա կը գտնուինք շէնքի մը դիմաց, որուն մէջ կը տիրապետեն Հայաստանի մէջ առկայ ամէնէն ճշգրիտ տեղեկատուութեան: Անոնք յստակ կը տիրապետեն բոլոր այն տեղեկատուութիւններուն, որոնք կը վերաբերին թէ՛ սահմանին, թէ՛ երկրին մէջ տեղի ունեցողին», Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց յայտարարեց Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան:

«Այս կառոյցը իրականութեան մէջ կրկնակի պատասխանատուութիւն կը  կրէ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար: Այստեղ ոեւէ ծառայող ամէն անգամ պիտի յիշէ, որ ինք առաջնահերթօրէն կը ծառայէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին: Դուք համազգեստ կրող մարդիկ էք, դուք պարտաւոր էք հաւատարիմ ըլլալ անոր, Հայաստանին ու Արցախին», ըսաւ ան:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան յայտարարեց. «Այստեղ կը ծառայեն բաւական մեծ թիւով արժանապատիւ սպաներ, ես համոզուած եմ, որ այդ ծառայողները պիտի հասնին այն եզրայանգումին` այդ կարգին տեսնելով ժողովուրդին ցասումը, որ Նիկոլ Փաշինեանը սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան, իսկ սպառնալիքները պէտք չէ մնան իշխանութեան վրայ, պէտք է հեռացուին»:

Ան նաեւ յիշեցուց 24 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին մասին:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. «Ստեղծուած Իրավիճակէն Միակ Ելքը Օրուան Իշխանութիւններու Անյապաղ Հեռացումն Է»

Յաջորդը

«Ո՞վ Կանգնեցուց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պատերազմը. Ռուսիա՛ն. Իսկ Երբ Ռուսիոյ Օգնութիւն Պէտք Է, Բոլորը Կը Լռեն» Կ՛ըսէ Քատիրով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Միա՛յն Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ուղենիշներով
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Միա՛յն Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ուղենիշներով

Յունիս 24, 2022
«Դիմադրութեան» Շարժման Ներկայացուցիչները  Եռօրեայ Այցելութիւն Տուին Արցախ
Գլխաւոր լուրեր

«Դիմադրութեան» Շարժման Ներկայացուցիչները Եռօրեայ Այցելութիւն Տուին Արցախ

Յունիս 24, 2022
«Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցելու Ընդհանուր  Սահմանի Յստակացման Հարցին Մէջ Պաքուի  Ու Երեւանի Աշխատանքին Եւ Ունի Որոշակի Առաջարկներ»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Հայկական

«Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցելու Ընդհանուր Սահմանի Յստակացման Հարցին Մէջ Պաքուի Ու Երեւանի Աշխատանքին Եւ Ունի Որոշակի Առաջարկներ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յունիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In