Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն Հետ

Մայիս 1-ին ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՕՄ-ի յառաջիկայի ծրագիրները` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութեան ներկազմակերպական ընելիքները: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանն ու վարչութեան միւս ընկերուհիները կարեւորեցին յատկապէս Արցախի մէջ նախատեսուած ընկերային ծրագիրներն ու Արցախի քառօրեայ...

Աւստրիոյ Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

Աւստրիոյ Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամրին, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնն ու զարգացումները: Դեսպան Ամրի, քաջածանօթ ըլլալով լիբանանեան իրականութեան, անդրադարձաւ երեսփոխանական եւ ապա նախագահական ընտրութեանց կարեւորութեան: Երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց ՀՅԴ-ի կեցուածքները, քաղաքական վարուելակերպն ու ուղղուածութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկիրը դուրս...

Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

Ապրիլ 26-29 Արցախ այցելեցին Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Արցախ այցելութիւնը սկսաւ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոնի մէջ արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով, այնուհետեւ ՀՕՄ-ուհիները հանդիպումներ ունեցան` Արցախի նախագահին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեցին ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզներ:...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մէկ Օրակարգ Կայ  Իշխանութեան Հետ Քննարկելու`  Անցնցում, Արագ Հեռանալու Օրակարգն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մէկ Օրակարգ Կայ Իշխանութեան Հետ Քննարկելու` Անցնցում, Արագ Հեռանալու Օրակարգն Է»

Դիմադրութեան Շարժման Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր Երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիսին, Դիմադրութեան շարժումը վերսկսաւ  անհնազանդութեան լայնածիր ցոյցեր` Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ: Քաղաքացիները ինքնաբուխ ցոյցեր կատարեցին` փակելով խաչմերուկներ, կամուրջներ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ: Երեւանի մէջ տարբեր ուղղութիւններով տեղի ունեցան Դիմադրութեան շարժման երթեր: Երեքշաբթի, 3 մայիսին, Դիմադրութեան շարժումը շարունակեց իր անհնազանդութեան արարքները` օրուան ընթացքին Երեւանի եւ մարզերու փողոցներ փակելով: Մեծաթիւ ցուցարարներ բերման...

ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի  Լիբանանահայ Քուէարկողներուն

ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ արտերկրի լիբանանահայ քուէարկողներուն ուղղեց ՀՅ Դաշնակցութեան հետեւեալ կոչը. «Արտերկրի սիրելի՛ լիբանանահայեր, Սիրելի՛ լիբանանցիներ, որոնք ուր որ ալ գտնուիք, Լիբանանը եւ Լիբանանի հայութիւնը ձեր սրտին մէջ պահեցիք եւ կը շարունակէք պահել: Պուրճ Համուտէն կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, բոլորիդ անխտիր, որ ուրբաթ, 6 մայիսին եւ կիրակի, 8 մայիսին, ձեր գտնուած...

Մաուլաուի Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Կոչելու Հրամանագիրը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Վաղը Կը Դառնան Իրականութիւն

Տակաւին կասկածներ ունեցող քաղաքացիներուն համար, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները արդէն իսկ իրականութիւն կը դառնան վաղը` ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, երբ արտերկրի լիբանանցիները` ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուրբաթը արձակուրդի օր է, կը սկսին քուէարկութեան, իսկ կիրակի օր քուէարկութիւնն ու ընտրութեան հոլովոյթը կը շարունակուի Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մինչեւ յաջորդ կիրակին` 15 մայիս 2022-ը, այսինքն` յառաջիկայ...

«Հայը Չի Կրնար Ապերախտ Ըլլալ. Վստահ Եմ`  Այս Անգամ Ալ Պիտի Անտեսէք Նիւթական  Կաշառքները Եւ Խիղճով Քուէարկէք»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Հայը Չի Կրնար Ապերախտ Ըլլալ. Վստահ Եմ` Այս Անգամ Ալ Պիտի Անտեսէք Նիւթական Կաշառքները Եւ Խիղճով Քուէարկէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Լէյլաւանի Մէջ Նախընտրական Ժողովրդային Հաւաք-Ընթրիք Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, կիրակի, 1 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ` Լէյլաւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր, մի՛շտ» կարգախօսը կրող ժողովրդային հաւաք-ընթրիքը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխանական թեկնածուներուն եւ Լէյլաւանի, Ֆանարի, Ռումիէի, Պաուշրիէի եւ շրջակայ շրջաններու հարիւրաւոր հայորդիներու: ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի  Վերընտրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Վերընտրութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ուղղած յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան: Խօսելով ներկայ ժամանակներու տագնապներուն մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «Ֆրանսան ճշդորոշիչ դեր ունի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ»` աւելցնելով, թէ «Ֆրանսան իբրեւ խորհրդանիշ արդարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց, կոչուած է իր դերը վերաշեշտելու, յատկապէս Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ...

Խմբագրական.     Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը  (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Մայիսմէկեան սկզբունքներու, գաղափարներու եւ առաջադրանքներու ձեւախեղման գործընթացներու ականատես կը դառնանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ: Թէեւ ընկերվարութեան դասական երեւոյթները` գաղափարաբանութիւն, կառոյց, կազմակերպութիւն հսկայական քայլերով նահանջ կ՛արձանագրեն, այդուհանդերձ գաղափարները կը վերափաթեթաւորուին եւ գաղափարաբանական պատկանելիութեան շրջանցումով շրջանառութեան մէջ կը դրուին ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած մօտեցումներով: Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխելու համար առաջ մղուեցան եւ լայն շրջանառութեան մէջ դրուեցան թալանը, փտածութիւնը, կողոպուտը, հարստապետութիւնը, շահագործումը: Երբ անարդար են...

Բողոքի Ցոյցեր Երեւանի  Եւ Գիւմրիի Մէջ

Բողոքի Ցոյցեր Երեւանի Եւ Գիւմրիի Մէջ

Երէկ` 29 ապրիլին, Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը: «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միացում» «Պայքար», «Յաղթանակ» վանկարկումներուն ներքեւ քայլերթին մասնակիցները շարժեցան մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածներով` Խանճեան, Սայեաթ Նովա, Չարենց փողոցներով: Նոյն օրը, նոյն ժամերուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է  բազմահազարանոց երթ:  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը ողջունեց Գիւմրիի երթը եւ  աւելցուց,...

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը

Ուրբաթ, 29 ապրիլ 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքին առնչուած կարգ մը խնդիրներ:    

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ո՛չ Հայաստանի  Թրքացման, Ո՛չ Արցախի Հայաթափման`  Այս Է Մեր Որդեգրած Կարգախօսը»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ո՛չ Հայաստանի Թրքացման, Ո՛չ Արցախի Հայաթափման` Այս Է Մեր Որդեգրած Կարգախօսը»

Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի եւ արցախցիներու անվտանգութեան երաշխիքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած հարցերով «Վանայ ձայն»-ը հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին փորձերուն` նշելով, որ մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ետք շրջանին մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ստանձնած...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 48.  «Կրթական Ռազմավարութեան Մշակումը Մեծապէս Կրնայ Օգտուիլ Տեղեկագիտութեան Մնայուն Նորարարութիւններէն», Յայտնեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեան

Մամլոյ Լսարան Թիւ 48. «Կրթական Ռազմավարութեան Մշակումը Մեծապէս Կրնայ Օգտուիլ Տեղեկագիտութեան Մնայուն Նորարարութիւններէն», Յայտնեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեան

«Ազդակ»-ի  48-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 ապրիլին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսեց «Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճ»-ի եւ «Սինոփսիս Արմինա»-ի հիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան, նիւթ` «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը` 21-րդ դարուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նիւթը բաժնած էր հիմնական երեք ուղղութեան` Ա.- Արհեստագիտութիւն Բ.- Հաղորդակցութիւն Գ.- Կրթութիւն Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ներկայ տեղեկագիտական...

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի  Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մար Մըխայէլի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին, որուն մէջ կան «Մինաս Ս. Պուտագեան» սրահ, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի յատուկ սենեակներ: Բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին վերեւ մեր ազգային դրօշը բարձրացուցած Տիգրան Ծամհուրը այդ վայրկեանին անարգաբար սպաննած ոճրագործները...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Արագած

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Արագած

ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արագած, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թաղեցիներուն հետ` ըլլան անոնք վաճառատուներու սեփականատէրեր թէ բնակիչներ: Ան հետաքրքրուեցաւ անոնց կարիքներով, լսեց առկայ մտահոգութիւնները, բացատրեց ներկայ փուլի դժուարութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ քուէներ գնելու երեւոյթին մասին խօսեցաւ: Այցելութիւններէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ուղղուեցաւ «Արագած» ակումբ, որ ողողուած էր...

Սարդարապատէն Սկսաւ «Դիմադրութեան»  Շարժման Քայլերթներուն 4-րդ Ուղղութիւնը

Սարդարապատէն Սկսաւ «Դիմադրութեան» Շարժման Քայլերթներուն 4-րդ Ուղղութիւնը

Երէկ «Դիմադրութեան» շարժման քայլերթի չորրորդ ուղղութիւնը սկսաւ Սարդարապատէն: Քայլերթի մեկնարկին ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ելոյթով դիմեց ժողովուրդին: Ելոյթին ընթացքին Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Արդէն չորրորդ օրն է Հայաստանի տարբեր անկիւններէն մեր զինակիցները, անոնց միացած մեր հայրենակիցները քայլերթով կը շարժին դէպի քաղաքամայր Երեւան: «Պատահական չեն ընտրուած այն մեկնարկի կէտերը, ուր սկիզբ առած են այդ քայլերթները յանուն Հայաստանի,...

«Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Եզրի  Օգտագործումը Հիմնուած Է  Պատմական Տուեալներու Վրայ»  Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

«Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Եզրի Օգտագործումը Հիմնուած Է Պատմական Տուեալներու Վրայ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման շուրջ հարցում մը: Թրքական պատկերասփիւռի կայանը բացատրութիւն խնդրած է` «ինչի՞ հիման վրայ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ջարդերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» որակելու հարցը պէտք է ձգուի իրաւաբաններու միջազգային հետաքննութեան հայեցողութեան, իսկ 1915 թուականի իրադարձութիւնները...

Խմբագրական.   Պահանջատիրութեան Առաջին  Դիրքերուն Վրայ

Խմբագրական. Պահանջատիրութեան Առաջին Դիրքերուն Վրայ

Մամուլի բազմապատկուած էջերը նեղ եկան լուսաբանելու համար լիբանանահայութեան կազմակերպած ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչական, ցուցական, պահանջատիրական, եկեղեցական ձեռնարկներն ու արարողութիւնները: Յարանուանականէն կուսակցական, երիտասարդականէն ուսանողական եւ պատանեկան, հոգեւորէն միութենական, տեղեկատուականէն, Հայ դատէն, մշակութային եւ սկաուտական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, ոգեկոչումներ, քայլարշաւներ եկան ամբողջացնելու տեղեկատուական եւ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու շարքը: Լրատուամիջոցներու արտադրութիւններուն ուղղութեամբ մշտադիտարկումներու եզրայանգումները առաջին հորիզոնականին վրայ կը տեղադրեն լիբանանահայութիւնը` ա՛յս պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներու առատութիւն արձանագրելու...

«Դիմադրութեան» Շարժման Իրազեկման Երթը`  Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն

«Դիմադրութեան» Շարժման Իրազեկման Երթը` Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն

Երէկ` 27 ապրիլին Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն սկսաւ «Զարթնի՛ր լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը: Երթէն առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կրկին կոչ ուղղեց դիմադրութեան նոր օճախներ ստեղծելու, այդպիսով աջակցելու համընդհանուր պայքարին, իսկ բողոքի ցոյցերուն հեռակայ հետեւող քաղաքացիներուն` միանալու օրըստօրէ մեծցող շարժումին: Ան անդրադարձաւ նաեւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղեկցող ինքնաշարժներու շարասիւնի...

«Երկիրը Աղէտի Մէջ Է. Կա՛մ Մեր Խիղճին Կը Վերադառնանք, Կա՛մ Կը Յանձնուինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, արտաքին համաձայնութիւններէ կախեալ ըլլալու Լիբանանի իրականութեան, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ այդ շրջագիծին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն եւ ընտրացանկերուն, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններէն ետք երկրին վարչակարգը բարեկարգելու կարելիութիւններուն: Թրիփոլիի Աղէտը Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն...

Page 306 of 797 1 … 305 306 307 … 797

Արխիւներ