Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Ամէն Ձեւով Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախապատրաստութեան Դժուար, Սակայն Չափազանց Կարեւոր Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յունիս 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «23-24 յունիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ազրպէյճան, ուր կը նախատեսուին անոր հանդիպումները այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

«Կը նախատեսուի քննարկել երկկողմանի համագործակցութիւնը, ատոր հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակել շրջանային եւ միջազգային օրակարգի ամէնէն արդիական հարցերուն, ներառեալ` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն շուրջ»:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանը Հարաւային Կովկասի եւ Կասպեան շրջանին մէջ Ռուսիոյ կարեւոր գործընկերն ու դաշնակիցն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Պաքուի հետ առօրեայ միացեալ աշխատանքը կառուցուած է հաւասարութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերը հաշուի առնելու սկզբունքներուն վրայ:

«Երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձային իրադարձութիւն էր այս տարուան 22 փետրուարին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի բարձրագոյն մակարդակով ստորագրութիւնը: Այս փաստաթուղթը կը նախատեսէ արտաքին քաղաքական համակարգման եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան ամրապնդում, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ուժերու միաւորում, տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդում եւ մարդասիրական ոլորտին մէջ երկխօսութեան ընդլայնում:

«Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խթանումը` 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի բարձր մակարդակի եռակողմ համաձայնագիրներու համաձայն: Մենք ատիկա կը տեսնենք իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան եւ լիարժէք համագործակցութեան վերականգնման առանցքային պայման:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը յուսալիօրէն կը վերահսկէ զինադադարի դրութեան պահպանումը եւ կը նպաստէ իր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անվտանգութեան պահպանման: Խաղաղապահները կ՛օգնեն գաղթականներու վերադարձին, խաղաղ կեանքի հաստատման, տարածքներու ականազերծման, կը միջնորդեն պատերազմական գերիներու եւ կալանաւորներու փոխանակման:

«Ռուսական կողմի ջանքերուն կարեւորագոյն ուղղութիւնը շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումն է: Ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն հետ միասին եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ, որուն կը համանախագահեն փոխվարչապետները, մենք կ՛աշխատինք որոշակի ենթակառուցային նախագիծերու թղթածրարի շուրջ համաձայնութեան գոյացման ուղղութեամբ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ երկաթուղային եւ ինքնաշարժային հաղորդակցութիւն հաստատել եւ խթանել տնտեսական կապերու վերսկսումը:

«Մենք կ՛ողջունենք այս 24 մայիսին Ազրպէյճան-Հայաստան պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնախումբի առաջին հանդիպումը: Սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը նպատակ ունի նպաստել սահմանային միջադէպերու դադրեցման, միջպետական սահմանի սահմանազատման հետեւանքով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման: Ռուսիան կողմերուն խնդրանքով պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութիւնը կոչուած է ամրապնդելու յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքները, հիմեր դնելու երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար: Ռուսիան ամէն ձեւով պիտի աջակցի այս դժուարին, սակայն չափազանց կարեւոր հոլովոյթին` ի շահ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման:

Մարդասիրական ոլորտին մէջ հաղորդակցութիւնները կը նպաստեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման: Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան եւ փորձագիտական շրջանակներու միջոցով` ուղղուած հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Յայտնած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանի Թեկնածուի Անունը

Յաջորդը

«Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցելու Ընդհանուր Սահմանի Յստակացման Հարցին Մէջ Պաքուի Ու Երեւանի Աշխատանքին Եւ Ունի Որոշակի Առաջարկներ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?