Շաքէ Կէօնճեան 50 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան
Նկատի ունենալով Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապալի կացութիւնը եւ լիբանանահայութեան օրըստօրէ բազմացող անմիջական կարիքները` քանատահայ ազգային բարերար Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար քանատական տոլար նուիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին: Տիկին Կէօնճեան նուիրատուութեան վճարագիրը անցնող շաբաթավերջին յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին: Նշենք նաեւ, որ 2021 թուականի սեպտեմբերին տիկին Կէօնճեան, անսալով ՀՅԴ Բիւրոյի լիբանանահայութեան ձեռք երկարելու կոչին, 50 հազար տոլար նուիրած էր: Շ....




















