Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Հետաքննելու Նախագահ Պայտընի Կողմէ Արցախին Օժանդակութիւն Չտրամադրելու Հարցը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Քոնկրեսին կոչ ուղղած է հետաքննելու նախագահ Պայտընի կողմէ Արցախին օժանդակութիւն չտրամադրելու հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` կոչ ուղղելով հետաքննութիւն կատարելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ, քանի որ վերջինս կ՛ենթարկուի նախայարձակումի...




















