Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` 6 հոկտեմբեր 2022-ին կայացած հանդիպումէն ետք, կողմերը տարածած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը 6 հոկտեմբեր 2022-ին հանդիպեցան Փրակայի մէջ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ կայացած «Եւրոպական քաղաքական համայնք»-ի առաջին հանդիպումի ծիրին մէջ:
«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ատիկա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու աշխատանքներուն համար, եւ որ այդ յանձնախումբերուն յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Պրիւքսելի մէջ, մինչեւ հոկտեմբերի վերջ:
«Հայաստան իր համաձայնութիւնը յայտնեց` խրախուսելու Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը Ազրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին: Ազրպէյճան համաձայնեցաւ համագործակցիլ նշեալ առաքելութեան հետ այնքան, որքան որ առնչութիւն պիտի ունենայ: Առաքելութիւնը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի հոկտեմբերին, առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը եւ իր զեկուցումներուն միջոցով սահմանային յանձնախումբերուն աջակցիլը»:
Մաքրոն. «Հայաստանը Պիտի Նպաստէ Սահմանին Վրայ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Տեղակայման, Ազրպէյճան Համաձայն Է»
«Այս երեկոյ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը հաստատեն իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որով փոխադարձաբար կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը», հինգշաբթի ուշ գիշերին Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումներէն ետք Դիմատետրի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահը:
«Հայաստանը համաձայն է նպաստելու Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան իրականացման, վերջինս ալ համաձայն է համագործակցելու», կը գրէ Էմանուէլ Մաքրոն «Յանուն Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան» խորագիրին տակ:
Այդ առաքելութեան նպատակն է, ըստ Ֆրանսայի նախագահին, հաստատել վստահութիւն եւ նպաստ բերել սահմանային յանձնախումբերու աշխատանքին:
Միշել. «Քննարկուած Են Խաղաղութեան Աշխուժացման Ջանքերը, Որոնց Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու»
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով մեկնաբանեց Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ Փաշինեանի, Մաքրոնի եւ Ալիեւի հետ քառակողմ հանդիպումը:
«Քննարկուած են լարուածութեան կայուն մեղմացման եւ խաղաղութեան աշխուժացման ջանքերը, որոնց Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու», գրեց Միշել: