Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են վերջին հաղորդագրութիւններով, որ ազրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի ենթարկած են անզէն հայ գերիները:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք լիարժէք եւ անաչառ հետաքննութիւն կատարելու: Որեւէ վայրագութեան մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:
Կիրակի օր համացանցի վրայ տարածուած էր տեսագրութիւն մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորները դաժանաբար կը գնդակահարեն գերեվարուած անզէն զինուորները:
Ըստ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուսումնասիրութիւններուն, ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայ պատերազմական գերիներու կանխամտածուած սպանութիւնը տեղի ունեցած է 13 սեպտեմբերին` Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ լայնածաւալ յարձակման ընթացքին:


