Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հակասական Պատկերներ` «Համաձայնող» Կողմերուն Մօտ

October 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւանագիտական եռուզեռ կ՛արձանագրուի Պէյրութի մէջ: Լաւատեսական յայտարարութիւններ վերստին կը հնչեն տարբեր կողմերէ` ծովային սահմանազատման մօտալուտ ըլլալուն մասին: Ամերիկացի բանագնացը անընդհատ նամակներ կը ստանձնէ, կը վերախմբագրէ, դարձեալ կը ներկայացնէ:

Այս արարին, Լիբանանը կը պահէ իր միասնականութիւնը: Հանրապետութեան նախագահն ու օրէսնդիրի եւ գործադիրի ղեկավարները միաձայն են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն լիբանանեան իրաւունքներէն չզիջելու, ազգային-պետական շահերէ թելադրուած համաձայնութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով: Արդարեւ, Լիբանանի երեք պետերու հանդիպումէն ետք վարչապետը կը յայտարարէր` սահմանագծումին առումով մթնոլորտը դրական է եւ ամէն ինչ իր հունին մէջ է, իսկ Լիբանան կը ներկայանայ միացեալ կեցուածքով: Աւելի պարզաբանելով վարչապետ Միքաթին կը յայտնէր, որ Լիբանանի պահանջած հիմնասիւները համաձայնութեան մէջ ներառուած են:

Իսրայէլեան կողմը պատկերը նոյնը չէ: Սուր է բանավէճը իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ: Ընդդիմութեան առարկութիւնները հիմնուած են գործող կառավարութեան կատարած զիջումներուն վրայ: Ուշագրաւ է այն, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ իսրայէլացի աւագ բանագնացը իր ընթացիկ պաշտօնէն հրաժարած է: Պաշտօնական լրահոսը այլ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատճառը կը ներկայացնէ, այդուհանդերձ պահի տրամաբանութիւնը այլ բան կը յուշէ: Մինչ, այս բոլորին զուգահեռ ընդդիմութիւնը կը սաստկացնէ իր քննադատութիւնները, ակնարկելով, որ իշխանութիւն ստանձնելու պարագային չեղեալ կը նկատէ համաձայնութիւնը:

Այս առումով, ուրեմն հակասական պատկերներ են բանակցող երկիրներուն մէջ: Հասարակաց երեւոյթը այն է, որ երկու երկիրներն ալ ընտրական շրջանի սեմին են եւ բնականաբար նման ճակատագրորոշ համաձայնութիւն տեսականօրէն կը վերածեն ընտրարշաւի նիւթի: Լիբանանը կը դրսեւորէ միասնականութիւն այս հարցով, մինչ Իսրայէլը` բաժանարարութիւն: Այստեղ ածանցեալ խնդիրը այն է, որ վերլուծումներուն մէջ երբեմն կ՛անցնի այն թելը, որ կը յուշէ, թէ նման կարեւոր համաձայնութիւն պիտի ստորագրուի Լիբանանի նախագահի պաշտօնաթողումէն ետք:

Ծովային սահմանագծումը, ամերիկեան միջնորդութեամբ, տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական շառաւիղներ ունի անշուշտ, յատկապէս ռուսական վառելանիւթի փոխարէն այլընտրանքային այլ շուկաներու ապահովման նպատակներով: Կը թուի, որ կայունացման, պատերազմի սպառնալիքներու չէզոքացման եւ երկկողմանիօրէն տնտեսական զարգացման միտումներ կ՛ամփոփէ:

Տեսական այս վարկածին հակադրուող յայտարարութիւն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցով նախկին օգնականին ըսածը, թէ հակառակ սահմանագծման գործընթացին արձանագրած յառաջխաղացքին, պատերազմի հաւանականութիւնը Հըզպալլայի եւ Լիբանանի միջեւ կը մնայ բարձր:

Ուղերձը մշուշապատ է, այդուհանդերձ լսելի կը դարձնէ այն, որ սահմանագծումով չ՛աւարտիր  Լիբանանի նկատմամբ կիրարկուող շրջափակման միջազգային քաղաքականութիւնը: Որ խորքին մէջ աւելի կապ ունի Վիեննայի բանակցութիւններուն հետ եւ Իրանի յարաբերակցաբար Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ընտանիքի յարափոփոխ քաղաքականութեան հետ:

Լաւատեսական նախադրեալներ կը պարփակեն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէնին կատարած յայտարարութիւնները Լիբանան այցելութեան առիթով: Հանրապետութեան նախագահին հետ կայացած հանդիպումէն ետք ֆրանսացի դիւանագէտը կը յայտարարէր, թէ ծովային սահմանագծումի իմաստով համաձայնութիւն գոյացնելը Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատելու պատգամ մըն է, որուն ունենալիք ազդեցութիւնը դրական պիտի ըլլայ Լիբանանի տնտեսութեան համար:

Պարզ է. միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները կեդրոնացած են ծովային սահմանագծումը իրականացնելու առաջադրանքին վրայ: Կը հիմնաւորեն, որ ատիկա փրկութիւն է Լիբանանի տնտեսութեան համար: Խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն, որ հսկայական շահոյթները ուղղակի կապուած պիտի ըլլան շահարկող ընկերութիւններուն եւ անոնց ճամբով իրենց երկիրներուն, որոնք այլապէս տնտեսական տագնապ կը դիմագրաւեն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը Հայաստան Վերադարձուցած Է 13 Սեպտեմբերէն Ետք Գերեվարուած 17 Անձեր

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.