4 հոկտեմբերին, ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կողմերը իրենց կարծիքները ներկայացուցած են 2 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ:
Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զինեալ ուժերու հեռացման, Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատերազմական գերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ու զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուած է ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու լուծման անընդունելիութիւնը:
Նոր յարձակումներու կանխարգիլման պարունակին մէջ ընդգծուած է սահմանային կացութեան մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային գործիքակազմերու ներդրման կարեւորութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման ու Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմի ստեղծման վերաբերեալ:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու քննարկումները` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ Պլինքըն երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերման ուղղութեամբ ձեռնարկուող դրական քայլերուն համար:
«Մէկ շաբթուան ընթացքին, որ նշանաւորուեցաւ չափազանց մեծ բռնութիւններով, ներառեալ հայ զինուորներու եւ ականներու պայթումներու պատճառով ազրպէյճանցի քաղաքայիններու մահերը, ան ողջունած է 2 հոկտեմբերին նախարարներու հանդիպումը` իբրեւ կարեւոր յառաջընթաց խաղաղ հոլովոյթին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է պատերազմական գերիներու ազատ արձակումը եւ վերահաստատած մեր յանձնառութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խնդիրները խաղաղ ճամբով լուծելու եւ ընդգծած, որ դիւանագիտութիւնը միակ ուղին է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


