Պաապտայի Մէջ. «Սուրիա Կատարելիք Այցելութեանս Արդիւնքներով Շատ Լաւատես Եմ» Շեշտեց Իսամ Շարաֆէտտին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին կապուած մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ կիրակի, 14 եւ երկուշաբթի, 15 օգոստոսին Սուրիա կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները: Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ այդ իմաստով ինք արժանացած...




















