Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յայտարարութիւնները, Թէ Ռուսիան Հայաստանին Երես Կը Դարձնէ, Շահարկումներ Են» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

October 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հարաւային Կովկասի շրջանի դրացի է, ուստի այն յայտարարութիւնները, թէ Ռուսիան երես կը դարձնէ շրջանէն, թէ Ռուսիան երես կը դարձնէ Հայաստանէն, ոչ այլ ինչ են, քան շահարկումներ, պաշտօնապէս կը յայտարարեմ», այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփերքինը` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր է, որ այս շրջանը ըլլայ խաղաղ: «Ռուսիոյ համար ատիկա շատ, շատ կարեւոր, կենսական նշանակութիւն ունի», ըսած է դեսպանը:

Խօսելով Հայաստանի վարչապետի ընտանիքին պատկանող կայքի վրայ «Հաւաստի աղբիւր» ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածին մասին, որուն մէջ կը նշուի, որ Ռուսիան կ՛ուզէ Հայաստանը Միութենական պետութեան կազմին մէջ ընդգրկել, Քոփերքին պատասխանած է, թէ Ռուսիոյ նախագահի բանբերը անդրադարձած է ատոր, եւ ինք աւելցնելու բան չունի:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հրապարակումը անհեթեթութիւն կոչած էր:

Քոփերքին նաեւ յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին զեկուցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանի առանձին շրջաններու մէջ յառաջացած լարուածութեան թուլացման վերաբերեալ առաջարկները, որոնք ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտը կը պատրաստուի մշակել:

ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան ծիրին մէջ պէտք է մշակուէին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանի առանձին շրջաններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան մեղմացման վերաբերեալ առաջարկներ: Լրագրողի հարցումին, թէ ի՞նչ փուլի մէջ է հոլովոյթը եւ ե՞րբ տեսանելի պիտի ըլլան արդիւնքները, Քոփերքին պատասխանած է, որ նախորդ շաբաթ կրկին Հայաստան հասած էր ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս եւ հանդիպած Փաշինեանի հետ:

«Ինչպէս ինծի յայտնի է, ան զեկուցած է այն առաջարկները, որոնք ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտը կը մտադրէ մշակել ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու ուսումնասիրութեան համար: Կը կարծեմ` խօսքը այն որոշակի քայլերուն մասին է, որոնք պէտք է գործնականին մէջ ցոյց տան այս շրջանին մէջ կազմակերպութեան ներկայութիւնը եւ դերը», նշած է Քոփերքին:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանին 17 Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը

Յաջորդը

Ամերիկեան Կողմի Նախաձեռնութեամբ` Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.