Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առանց Հայ Դպրոցի Հայութիւնը Չ՛ապրիր

Հոկտեմբեր 8, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Շարժառիթը Թարգմանչաց տօնն է:

Իսկ հայ դպրոցի գոյութեան ու հայ մարդու վերաբերումը հայ դպրոցին հանդէպ մնայուն հարց է եւ բաց ու կոտտացող վէրք:

Այս տողերը պիտի չկարդան անոնք, որոնց ուղղուած է, անոնք, որոնք հայերէն կարդալ չեն սորված, անոնք, որոնք հայ դպրոց չեն յաճախած:

Այս տողերուն տեղեակ պիտի չըլլան այն երեխաները, որոնց ծնողները հայերէն կարդալ գիտնալով հանդերձ, նախընտրած են իրենց զաւակները օտար դպրոցին յանձնել` անգիտակ իրենց առած ազգավնաս քայլին:

Բայց պիտի կարդան անոնք, որոնք կը հաւատան հայ գիրին ու գրականութեան, հայ մշակոյթին եւ մամուլին, հայ դպրոցին ու հայու հայերէն աղօթքին:

Այս տողերը պիտի չկարդան բոլոր անոնք, որոնք իրենց նիւթական կարողութեան կամ ասպարէզի յաջողութեան շնորհիւ երբեմն կը զբաղեցնեն ազգային ու հասարակական պաշտօններ, կը ստանան շքանշաններ եւ առաջին կարգի աթոռներ զբաղեցնելու համար զիրար կը հրմշտկեն, սակայն ո՛չ ձեռնարկի հայերէնով հրաւէրը եւ ո՛չ ալ յայտագիրը կրնան կարդալ կամ բանախօսին մտքերը հասկնալ:

Մեզ շրջապատող ընդհանուր մթութեան մէջ տակաւին ուրախութիւնը ունինք ապրելու եւ տեսնելու Լիբանանի հայկական վարժարաններու վերամուտը: Տակաւին ցնծութիւնը կ՛ապրինք հայկական թաղամասերէն հայերէն բարբառող աշակերտներու հոսքը տեսնելու դէպի հայկական դպրոց:

Հսկայական զոհողութիւններով ապրող հայ դպրոցը կառուցուած է հայը հայ պահելու համար:

Հայ դպրոցը առեւտրական հաստատութիւն չէ: Մրցակցութեան հաստատութիւն չէ, եւ ոչ ալ` «յաճախորդ» մուրալու խանութ:

Հայ դպրոցը պարտաւոր պէտք չէ զգայ քարոզչութիւն կատարելու, «զեղչ-վաճառք» յայտարարելու, բացառիկ զեղչեր հայթայթելու, գովազդներ հրատարակելու, որպէսզի հայ ծնողը իր զաւակը առաջնորդէ հայ դպրոց:

Հայ դպրոցը պարտաւոր չէ եւ իր գոյութեան իմաստը կը կորսնցնէ, երբ աշակերտ «որսալու» համար, նուազեցնէ հայերէնի դասապահները, որպէսզի «քիչ» մը հայերը «զիջին» իրենց զաւակները ղրկելու հայ դպրոց:

Հայ դպրոցը աղքատ դպրոց չէ, եւ ոչ ալ` աղքատի դպրոց:

Մեր դպրոցներու կառոյցները գեղեցիկ եւ արդիական չե՞ն, ընդհակառակն, անոնք կը մրցին ոչ հայկական վարժարաններու հետ:

Պետական քննութեանց արդիւնքները անբաւարա՞ր են: Ընդհակառակն, կը մրցին ու կը գերազանցեն երբեմն օտար վարժարաններու արդիւնքները:

Մեր վարժարաններու շրջանաւարտները չե՞ն կրնար համալսարան յաճախել եւ «տեղ հասնիլ»,  հակառակին փաստերը հսկայաթիւ են:

Հայ դպրոցին մթնոլորտը խաթարուա՞ծ է: Գուրգուրանքի եւ արժէքներու գնահատանքի եւ խորացման պակա՞ս ունինք հայ վարժարանին մէջ: Թմրամոլութենէն սկսեալ միւս ախտավարակ երեւոյթները եւ բռնածաղրը (bullying) աւելի՞ տարածուած է մեր դպրոցներուն մէջ: Ստուգեցէք եւ վստահաբար միայն դրական արդիւնքի կը հասնիք:

Մեր դպրոցներու ուսուցչական մակարդակն ու մանկավարժական պատրաստութիւնը նուա՞զ են օտար դպրոցներէ: Դարձեա՛լ ոչ:

Սակայն մենք տարուած ենք սուտէն ու կեղծիքէն,  հմայուած ենք օտարին քարոզչութեամբ, օտարին թեթեւսոլիկութեամբ ու մոռցած` մերը, ազգայինը, հայկականը:

Կը փառաբանենք օտարինը:

Կը հարուածենք հայկականը:

Կը նեղանանք հայէն:

Կը լռենք օտարին վերաբերումին դիմաց:

Հայ դպրոցի գոյատեւումը հայ ուսուցիչին ապրուստը ապահովելու համար չէ:

Հայ դպրոցի պահպանումը հայու պահպանման համար է:

Իր զաւակը հայ դպրոց ուղղող ծնողը բարիք չէ, որ կ՛ընէ հայ դպրոցին, ոչ ալ զոհողութին, այլ բարիք կ՛ընէ ինքնիրեն, իր ընտանիքին, իր ծնողքին ու պապերուն:

Հայ դպրոցը սրբութիւն է:

Զգուշ վերաբերինք հայ դպրոցին հետ:

Անձնական քմայքի արտայայտութեան վայր չէ հայ դպրոցը:

Հայ եկեղեցւոյ համազօր սրբատեղի է հայ դպրոցը:

Նպաստ բաշխելու եւ բարիք կատարելու գոհունակութիւնը ապահովող հաստատութիւն չէ հայ դպրոցը, այլ իրմով հարստանալու, հայութեամբ հզօրանալու, հպարտ հայ դառնալու փարոսն է հայ դպրոցը:

Հայ դպրոցը հայ պահելու ամրոցն է: Հիմքը` մեր գոյութեան

Հիմքը` մեր յաւիտենականութեան:

Մնացեալը սուտ է եւ կեղծիք,

առաւելագոյնը յանցանքի չքմեղանք:

Առանց հայ դպրոցի` հայութիւնը չ՛ապրիր:

Ապրեցնենք հայ դպրոցը, որպէսզի ապրի հայութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինը` Թարգմանչացի Ուղիով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?