Ազրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնած է 13 սեպտեմբերէն ետք հայ-ազրպէյճանական սահմանային արիւնալի բախումներուն ընթացքին գերեվարուած անձեր, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ մանրամասնեց, որ ազրպէյճանական կողմը Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հայկական կողմին վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերիներ` նշելով անոնց անուն-մականունները:
Ըստ միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի` Ազրպէյճան հաստատած է, որ սեպտեմբերեան մարտերէն ետք 17 նոր ռազմագերի ունի:
Յիշեցնենք, որ 13 սեպտեմբերի կէս գիշերին հայ – ազրպէյճանական սահմանին վրայ սկիզբ առած բուռն ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, հայկական կողմէն 206 նահատակ եւ անհետ կորսուած կայ, ազրպէյճանական կողմէն` 80 սպաննուած, երկու կողմերը հարիւրաւոր վիրաւորներ ունին: 14 սեպտեմբերի երեկոյեան յայտարարուած է հրադադարի մասին: Անիկա, սակայն, պարբերաբար կը խախտուի, այդ պատճառով ալ հայկական կողմը արդէն 3 նահատակ եւ մէկ վիրաւոր ունի, ազրպէյճանականը` 4 վիրաւոր:


