Ֆրանսան Շնորհաւորած Է Ֆիլիփ Ռիքըրը` Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Նշանակուելուն Համար
ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը շնորհաւորած է Ֆիլիփ Ռիքըրը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակուելուն առիթով: «Կը շնորհաւորենք Ֆիլիփ Ռիքըրը Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակուելուն համար», «Արմէնփրես»-ի համաձայն` ըսուած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած հրապարակման մէջ: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է իբրեւ Կովկասի...




















