Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց լիագումար իր նիստը, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանին երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը:
Նիստին ներկայ էին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան անդամները:
Երեսփոխաններ Հատի Ապուլ Հըսըն եւ Ալեն Աուն ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանի ընդհանուր քարտուղարներ: Երեսփոխաններ Միշել Մուսա եւ Քերիմ Քապպարա ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանի խորհրդականներ, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 85 քուէներով ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի խորհրդական` տիրանալով հայ համայնքին վերապահուած աթոռին:
Նշենք, որ այս ընտրութիւնը կատարուեցաւ, երբ երեսփոխան Փոլա Եագուպեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց նոյն պաշտօնին համար: Ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. 85 քուէ` Յ. Բագրատունիի, 23 քուէ` Փ. Եագուպեանի, 7 սպիտակ քուէ, մէկ չեղեալ քուէ եւ 1 քուէ Էլիաս Հանքաշի անունով:
Խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն պարագային, անոնց մեծամասնութիւնը գրեթէ մնաց նոյնը, բացի քանի մը յանձնախումբերէ, որոնց պարագային արձանագրուեցան որոշ փոփոխութիւններ` նկատի ունենալով կատարուած ընտրութիւնները:
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին պարագային յաղթանակ արձանագրեց երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի, հետեւաբար երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ դադրեցաւ յանձնախումբի անդամ ըլլալէ: Իսկ երեսփոխան Մարք Տաու, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր մաս կազմելու այս յանձնախումբին, ստացաւ 22 քուէ:
Իսկ Արդարութեան եւ վարչական հարցերու յանձնախումբի ընտրութիւններուն ընթացքին երեսփոխան Հալիմա Քաաքուր ստացաւ 18 քուէ եւ դադրեցաւ յանձնախումբի անդամ ըլլալէ:
Արդարութեան եւ վարչական հարցերու յանձնախումբին մէջ իբրեւ բարեկարգչական երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆը ներկայացնելու մասին համախոհութիւն գոյացնելու առումով արձանագրուած խնդրանքին անսալով Պըրրի բարկացած յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Էլիաս Պու Սաապ փորձած է բարեկարգչական երեսփոխաններուն հետ համաձայնութեան յանգիլ եւ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է` զանոնք նկատի ունենալու գրեթէ բոլոր յանձնախումբերուն մէջ:
Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխան Միշել Մուաուատ այս իմաստով խօսած է իրենց հետ, եւ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է, սակայն բարեկարգչական երեսփոխանները յանձնառու չեն մնացած այդ համաձայնութեան` իրենց առաջադրած թեկնածութիւններուն ընդմէջէն, «հետեւաբար դուք համաձայնութիւնը խզեցիք եւ ուղղուեցաք ընտրութիւններու», ըսաւ Պըրրի:
Խորհրդարանական մնացեալ յանձնախումբերուն պարագային ընտրութիւններ չեղան եւ յանձնախումբերուն անդամները ընտրուած նկատուեցան` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 2:30-ին, Պըրրի յայտարարեց առաւօտեան նիստին աւարտը եւ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրեց երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը վերստին յաջողութիւն արձանագրեց Տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահութիւնը ստանձնելու առումով:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր այս յանձնախումբին համար եւ քուէարկութենէն ետք ան յաղթանակ արձանագրեց եւ դարձաւ յանձնախումբի նախագահը` երեսփոխան Միշել Տահերի փոխարէն:
Նիստին ընթացքին երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին` ընդգծելով, որ անիկա մտահոգիչ կէտեր կը պարունակէ:
Իր կարգին, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ 2011-ին խորհրդարանը հրամանագիր մը վաւերացուցած է եւ զայն զետեղած ՄԱԿ-ի տրամադրութեան տակ, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն ստորագրած «Թոթալ» ընկերութեան հետ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան թշնամի Իսրայէլի հետ չի կրնար համաձայնագիր ստորագրել` աւելցնելով, որ կատարուածը ՄԱԿ-ի հետ նամակներու փոխանակում է:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարցը էական նկատելով առաջարկեց, որ խորհրդարանը անպայման քննարկէ սահմանագծումի համաձայնութինը:
Գիշերային նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ Ազգային պաշտպանութեան եւ Սպայից վարժարանին վերաբերող օրինագիծեր, ինչպէս նաեւ ցորեն ապահովելու եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պարագային օգտագործուելու յատուկ Միջազգային դրամատան կողմէ առաջարկուած վարկեր:
Միջազգային դրամական ֆոնտին մասին երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշիի դրած հարցին պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ անոր արտայայտութիւնը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ ինք իր վրայ այս կամ այն կողմէ պարտադրուած որոշումով չէ, որ կը գործէ, բայց իրեն համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի շահերուն իրականացումը: «Ո՛չ Միջազգային դրամական ֆոնտը եւ ո՛չ ալ այլ կազմակերպութիւններ կ՛իշխեն երկրին», ըսաւ Պըրրի:
Ան հաստատեց, որ փտածները սանձելու համար պէտք է վերացնել դրամատնային գաղտնիութիւնը: «Ես հոս ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբը կամ անոր նախագահը չէ որ կը պաշտպանեմ, այլ կատարուած աշխատանքն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ հետեւողական կերպով գումարուած ժողովները` յանգելու համար այն բարեկարգումներուն, որոնք կը համընկնին Լիբանանի շահերուն», հաստատեց ան:
Խորհրդարանը վաւերացուց դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու օրէնքը` զայն կէտ առ կէտ քննելէ ու բարեփոխումի ենթարկելէ ետք:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տուէյհի յայտարարեց, որ ինք այլեւս մաս չի կազմեր բարեկարգչական երեսփոխաններու համախմբումին:


