Գլխաւոր լուրեր

Խօսելով Հայաստանի  Իրադարձութիւններուն Մասին`  «Կացութիւնը Պէտք Է Հանդարտի  Առանց Բռնութեան»  Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ողջունած Է Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Եռակողմ Հանդիպումը

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ ողջունած է Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հանդիպումը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Անն Լինտէ «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Կ՛ողջունեմ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի աշխուժ մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 4-րդ հանդիպումին: Եւրոպական Միութեան համար Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հոլովոյթին...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Նամակը`  Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման Տարեդարձին Առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Նամակը` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման Տարեդարձին Առիթով

Վսեմաշուք Տիար Արայիկ Յարութիւնեան, Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ձեզ: Ողջ հայութեան համար խոր նշանակութիւն ունեցող 2 սեպտեմբերը, ներկայ ժամանակներուն մեր ժողովուրդը կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռականութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է ու մանաւանդ...

Խմբագրական. Արցախը Կ՛ազդարարէ Ազգային Վերահամախմբումը (Սեպտեմբեր 2-ի Տօնին Առիթով)

Արցախի համաժողովրդային ցոյցը, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման տօնին առիթով, գաղափարական առումով շատ կարեւոր ուղենիշներ կ՛ամփոփէ իր մէջ: Նախ` միասնականութեան մասին. Արցախի ժողովուրդը միասնութեան հրամայականն է, որ կ՛ընդգծէ այսօր: Փաստօրէն հանրահաւաքին կը մասնակցին բոլոր ուժերը անխտիր: Այստեղ որեւէ նշանակութիւն չունի իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն: Սեպտեմբեր 2-ի խորհուրդը համախմբած է բոլորը` վերանորոգելու համար Արցախի ազատագրութեան պայքարը: Օրը...

Սաղաթէլեան. «Մեզմէ Իւրաքանչիւրին  Պարտքն ու Պատիւն Է Պաշտպանել  Մեր Ազգային Շահը, Հայաստանն ու Արցախը»

Սաղաթէլեան. «Մեզմէ Իւրաքանչիւրին Պարտքն ու Պատիւն Է Պաշտպանել Մեր Ազգային Շահը, Հայաստանն ու Արցախը»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տօնին առիթով այսօր «Դիմադրութիւն» շարժումին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հրաւիրած հանրահաւաքին վերաբերեալ. Պրիւքսելում նախօրէին տեղի ունեցած հանդիպումից յետոյ մենք կրկին տեսանք, որ Հայաստանն ու Արցախը միջազգային հարթակներում մեր շահերը պաշտպանող ոեւէ ներկայացուցիչ չունեն: Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւն այդ հանդիպմանը ներկայացել էր սեփական...

Արզումանեանին Նոր Մեղադրանք  Առաջադրուեցաւ

Արզումանեանին Նոր Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Արզումանեանին նոր մեղադրանք առաջադրած է: Արզումանեան կը մեղադրուի նաեւ պատերազմի առաջին օրերուն «Արեգայ» բարձունքը եւ յարակից մարտական դիրքերը ազատագրած անձնակազմին «նահանջ» հրամանը տալու յանցանքով, որուն պատճառով, ըստ իրաւապահներուն, «հակառակորդը առանց դիմադրութեան յառաջացած է եւ վերահսկողութեան տակ վերցուցած» բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը, ամրապնդած է իր ուժերն ու միջոցները, այդ բարձունքէն դիտարկած է տուեալ...

«Կարեւոր Է Շարունակել Աշխատանքը  Հայաստան – Ազրպէյճան Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Յառաջխաղացման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Պորել

«Կարեւոր Է Շարունակել Աշխատանքը Հայաստան – Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Յառաջխաղացման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է մէկ օր առաջ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ հանդիպումին: «Կ՛ողջունեմ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի չորրորդ հանդիպումը: Կարեւոր է շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրի յառաջխաղացման ուղղութեամբ աշխատանքը, ջանքեր գործադրել մարդասիրական եւ...

Գերապայծառ Ասատուրեան Այցելեց «Ազդակ»

Գերապայծառ Ասատուրեան Այցելեց «Ազդակ»

Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումը առիթ էր խորհրդակցելու լիբանանահայութեան ապրած ծանր պայմաններուն մէջ հայ մամուլի տարած աշխատանքներուն մասին: Գերապայծառ Ասատուրեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի աշխատանքը եւ հայ յարանուանութիւններուն նախաձեռնած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մնայուն եւ արագ արձագանգելու  թերթին քաղաքականութիւնը:

Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Յաջորդ  Հանդիպումը Նոյեմբերին.  Համաձայնութիւն Գոյացաւ Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել  Համաձայնագիրի Մշակման Շուրջ  Առարկայական Բանակցութիւնները

Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Յաջորդ Հանդիպումը Նոյեմբերին. Համաձայնութիւն Գոյացաւ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել Համաձայնագիրի Մշակման Շուրջ Առարկայական Բանակցութիւնները

Երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Քննարկուած են գերիներու ազատ արձակման եւ անյայտ կորսուածներու ճակատագիրի յստակացման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, շրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն: Համաձայնութիւն գոյացած է արտաքին գործոց նախարարներու...

ՄԱԿ-ի Ցեղային Խտրականութեան Ջնջման  Յանձնախումբի Նկատումներուն Մէջ Արձանագրուած Են  Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Մարդու  Իրաւունքներու Խախտումներու Դէպքերը

ՄԱԿ-ի Ցեղային Խտրականութեան Ջնջման Յանձնախումբի Նկատումներուն Մէջ Արձանագրուած Են Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներու Դէպքերը

ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան ջնջման յանձնախումբի եզրափակիչ նկատումներուն մէջ արձանագրուած են 2020 թուականին Արցախի վրայ յարձակումի ընթացքին եւ ատկէ ետք Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու դէպքերը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հրապարակած հաղորդագրութենէն: «Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու ջնջման մասին ուխտով Ազրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան...

Աւետիք Չալաբեան Ազատ Արձակուեցաւ

Աւետիք Չալաբեան Ազատ Արձակուեցաւ

Հայաստանի վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Ռուզաննա Բարսեղեանի որոշումով «Համախմբում» շարժումի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեան երէկ ազատ արձակուեցաւ 15 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:

Զախարովա. «Հարաւային Կովկասի Մէջ  Եւրոպական Միութեան Գործունէութիւնը  Կապ Չունի Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման  Նպաստելու Իրական Ցանկութեան Հետ»

Զախարովա. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Եւրոպական Միութեան Գործունէութիւնը Կապ Չունի Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Նպաստելու Իրական Ցանկութեան Հետ»

Հարաւային Կովկասի մէջ եւրոպական գործունէութիւնը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններով: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Մեր կարծիքով, ասիկա որեւէ կապ չունի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իրական ցանկութեան հետ: Ես պիտի ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի նման են միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որուն տակ ոչինչ կայ», ըսած է Զախարովա: Ռուսիոյ...

Յ. Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու  Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբի Ժողովին

Յ. Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Ժողովին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ նախագահեց գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի զեկուցաբեր Հիւսէյն Ժաշի եւ անդամներ Էտկար Թրապուլսի, Սայիտ Ասմար, Քամիլ Շամուն, Մարք Տաու եւ Հատի Ապուլ Հըսըն: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ գաղթականներուն հարցը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կայ եւ որ կը նմանի վէրքի մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական...

Այսօրուան Եռակողմ Հանդիպումին Նախօրեակին  Միշել-Փաշինեան Եւ Միշել-Ալիեւ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ

Այսօրուան Եռակողմ Հանդիպումին Նախօրեակին Միշել-Փաշինեան Եւ Միշել-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն: Զրուցակիցները անդրադարձած են 31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումին: Կողմերը կարեւոր նկատած են երկխօսութեան շարունակականութիւնն ու յոյս յայտնած, որ բանակցութիւնները...

Միքայէլ Արզումանեանին Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ  Զինուորական Անփութութեան Յանցանքով

Միքայէլ Արզումանեանին Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ Զինուորական Անփութութեան Յանցանքով

Երէկ ձերբակալուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուած Միքայէլ Արզումանեանը, յայտնեց Հայաստանի Քննչական կոմիտէն` աւելցնելով, որ զօրավար-գնդապետին մեղադրանք առաջադրուած է զինուորական պաշտօնական անփութութեան յանցանքով: Ըստ հաղորդագրութեան, իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ վարոյթային գործողութիւններու շնորհիւ պարզուած է, որ Միքայէլ Արզումանեան պատերազմի ընթացքին, յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ` 30 հոկտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր 2020, Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման...

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի երկրորդ նիստը` փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, համաձայնութիւն գոյացած է համաձայնեցուած ժամկէտներու մէջ երրորդ հանդիպումի կայացման վերաբերեալ: Նիստէն առաջ, ըստ հաղորդագրութեան, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք հանդիպում ունեցած է Շահին Մուսթաֆայեւի...

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու  Միացեալ Նիստը Քննարկեց  «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Քննարկեց «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կայացած այս նիստին մասնակցեցան ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը: Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին մասին բազմաթիւ տեսակէտներ կան` աւելցնելով, որ ինք առաջարկած...

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեցին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ընդհանուր կացութիւնը եւ յառաջիկայ զարգացումները: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը զօր. Աունին յայտնեցին ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին` իբրեւ երկրի գոյութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովութեան անտեղիտալի պաշտպան, որ հակառակ տիրող խոր տագնապներուն, կը շարունակէ ազգային իր պարտականութիւնը բծախնդիր կերպով...

Ակնարկ.  Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Ակնարկ. Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նախագահի նշանակումին առիթով տեղի տուած է Պաքուի սուր հակազդեցութեան: Պլինքըն գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ: Դեսպան Ռիքըրը կ՛աշխատի նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ  կը նպաստէ Հայաստանի...

Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Ընդլայնուած Նիստի Հրաւիրած Են

Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Ընդլայնուած Նիստի Հրաւիրած Են

«Դիմադրութիւն» շարժումի Պաշտպանութեան ու անվտանգութեան յանձնախումբը երէկ հրաւիրած է ընդլայնուած նիստի մը, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, պաշտպանական եւ իրաւապահ համակարգերու նախկին բարձրաստիճան ծառայողներ, ռազմական փորձագէտներ: Նիստին քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած եւ հանրային քննարկման ներկայացուած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը: Միաժամանակ արձանագրուած է,...

«Ռուսական Խաղաղապահ Զօրախումբը  Կը Շարունակէ Մնալ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Գործօնը»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

«Ռուսական Խաղաղապահ Զօրախումբը Կը Շարունակէ Մնալ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Գործօնը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Այսօր կ՛ամբողջանայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը. համաձայնագիր, որ մեծապէս որոշած է մեր միջպետական յարաբերութիւններու սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները: «Փաստաթուղթը կարեւոր փուլ դարձած է երկկողմանի գործընկերութիւնը...

Page 284 of 797 1 … 283 284 285 … 797

Արխիւներ