Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր մետիա»-ի տաղաւարին մէջ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հետ զրոյցի ընթացքին նախանցեալ օր խօսած է Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած վիճակի մասին, անդրադարձած է Արցախի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Երեւան կատարած այցելութեան, ընդդիմութեան պայքարին եւ յիշեցուցած է տակաւին տարիներ առաջ իրենց կատարած նախազգուշացումներուն մասին:
«Հայաստանի հասարակական ընտրանիի եւ քաղաքական ուժերու խնդիրը այն է, որ անոնք չեն կրցած հասարակութեան հետ խօսիլ այնպէս, որ ոտքի հանենք», ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան:
«Իշխանութիւնը այսօր կ՛ըսէ` ընդդիմութեան պայքարը իշխանութեան գալու համար է, այլ ոչ թէ հայրենիքի, մենք կ՛ըսենք` մեր գլխաւոր նպատակը իշխանութեան համար չէ, բայց իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտ պայման է երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու համար: Այնպէս եղած է, որ բոլոր այն անհատները, որոնք ունին կամք, վճռականութիւն, փորձառութիւն, պատասխանատուութիւն երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու համար, իրենք չունին համապատասխան լծակներ ատիկա ընելու համար: Իսկ լծակներ ունեցողները` իշխանութեան վրայ գտնուողները, երկիրը հետեւողականօրէն կը տանին կործանման: Այսինքն սա պայքար չէ իշխանութեան համար, բայց իշխանութիւնը անհրաժեշտ լծակ է հարցեր լուծելու համար», ըսած է ան:
Ըստ անոր, իշխանութիւնը ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ այն յանցանքով, որ անոնք ոչ թէ հայրենիքի փրկութեան համար կը պայքարին, այլ` «թալանի փրկութեան»:
«Ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը այն բոլոր անունները, որ հնչեցուցած է, հարցադրումներ կատարած է, Ազգային ժողովին մէջ, իր «Հայկական ժամանակ»-ին մէջ, յստակ անուններ նշած է, թող քաղաքացին տեսնէ, թէ անոնք ո՛ւր են, անոնք իմ եւ քու կողքի՞դ են, թէ՞ Նիկոլի: Այդ մարդիկը, որոնցմէ հասարակութիւնը տարիներ շարունակ դժգոհած է, այսօր ընդդիմութեան կողքին չեն, ես անոնց ցուցակը ունիմ, եւ այդ մասին օր մը պէտք է խօսուի», նշած է ան:
Պատգամաւորը յայտնած է, որ Փաշինեանը ընտրութիւններէն առաջ քաղաքացիներուն խոստացած է խաղաղութիւն, բայց թէ ինչի՛ հաշուոյն, այդ չէ ըսած:
«Նախընտրական շրջանին ըսած է, որ պէտք է հասնիլ արցախեան տագնապի խաղաղ ու համապարփակ լուծման` հիմնուած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, առանց սահմանափակումներու իրականացման վրայ, Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գոհատեւել Ազրպէյճանի ենթակայութեան ներքեւ, Արցախի խնդիրի վերջնական լուծումը մենք կը տեսնենք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, իրաւունքների իրականացման, կարգավիճակի վերջնական յստակացման տեսքով` առաջնորդուելով անջատում յանուն փրկութեան սկզբունքով: Այս խոստացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, յետոյ ալ կառավարութեան ծրագիրով վերահաստատած: Հիմա կ՛ըսէ, որ Արցախը պէտք է մնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այսինքն դուն ժողովուրդին խոստացած ես խաղաղութիւն, ընտրուելէ ետք բերած ես պատերազմ, հետեւաբար այս իշխանութիւնը օրինական չէ եւ ժողովուրդին կողմէ որեւէ լիազօրութիւն չունի. սա շատ կարեւոր արձանագրում է, որ պէտք է կատարենք: Նիկոլը չի կրնար խաղաղութեան օրակարգ յառաջ բերել, ան պատերազմի եւ պարտութեան խորհրդանիշ է, իրեն հետ կայ երկու տաբերակ, կա՛մ նոր պատերազմ, կա՛մ նոր յանձնուողական պայմանագիր, հիմա ամբողջ խնդիրը այն է, որ մենք մեր հասարակութեան պէտք է կարենանք մինչեւ վերջ ասիկա բացատրել: Իր բանաձեւը հետեւեալն է` ինչ որ կ՛ուզէ թշնամին տանք, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի, բայց կեանքը ցոյց տուած է, որ ինչ որ կ՛ուզէ կու տանք, կը շարունակէ ուզել աւելին, բայց խաղաղութիւն չի հաստատուիր», նկատել տուած է ան` նշելով, որ Սիւնիքի մէջ ճանապարհներ յանձնելով, Բերձորն ու Աղաւնոն յանձնելէ ետք թշնամին մօտեցաւ Ջերմուկին, եւ այսպէս շարունակուելու պարագային զայն պիտի դիմաւորենք Երեւանի մատոյցներուն:
Ըստ անոր, եթէ դուն պատրաստ չես պաշտպանելու քու հայրենիքդ եւ ամէն ինչ կ՛ընես ժողովուրդն ու բանակը բարոյալքելու համար, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլաս թշնամուն դիմաւորելու Երեւանի մէջ: