Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, երկրի նախկին նախագահ եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի բացասական դերին մասին` պնդելով, թէ Էմանուել Մաքրոն, «ըստ էութեան, ոչ թէ մեղադրած է Ռուսիան, այլ ինքզինք կ՛արդարացնէր»:
«Հաղորդավարները զինք նախատեցին, որ «Ֆրանսան ճակատագիրի քմահաճոյքին ձգած է Հայաստանը»: Ան եռանդով կը պատմէ, թէ Ֆրանսան որքա՛ն շատ կը սիրէ Հայաստանը: Այստեղ հաշուարկը հայկական սփիւռքի ազդեցիկ ներկայացուցիչներուն վրայ բաւական թափանցիկ է: Կը ձգտի իմաստուն եւ վեհ երեւնալ», «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` ըսած է Մետվետեւ եւ յիշեցուցած, թէ «ինչպէ՛ս աւելի քան կէս դար առաջ` 1960-ականներու վերջէն, Ֆրանսան ինքզինք իր նախկին գաղութներուն մէջ պահած է»:
«Այդ պատճառով ինչպիսի՛ արեան գետեր հոսած են Մալիի, Ռուանտայի, Քոնկոյի եւ Ալճերիոյ մէջ: Մաքրոն ինք ժամանակին ներում կը հայցէր ափրիկեցիներէն` քաղաքակիրթ Ֆրանսայի օժանդակութեամբ թութսիներու ցեղասպանութեան համար (…) Այդ ամբողջ «բաժնէ, որ տիրես»-ին համար` կախեալ եւ աղքատ երկիրներուն մէջ, որոնք դարերով ֆրանսացիներու խիղճին վրայ են»:
Ինչպէս երկու օր առաջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մետվետեւ նոյնպէս «անընդունելի եւ այլասերած» որակած է Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը` աւելցնելով, թէ ատիկա նաեւ «աւելի քան ոչ պարկեշտ է, տգեղ»:
Ֆրանսայի նախագահը օրեր առաջ յայտարարած էր, որ Ռուսիան դիտումնաւոր կերպով կը սադրէ հայ-ազրպէյճանական տագնապը` Կովկասի մէջ եւ անկէ դուրս կացութիւնը ապակայունացնելու համար: