Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Հանդիպում

October 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին Լաւրով նշեց, որ յոյս ունի քննարկել երեք երկիրներու ղեկավարներու 2020 եւ 2021 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարումը` հասկնալու համար «ինչպէ՛ս յառաջ շարժիլ»:

Լաւրովի համաձայն, բարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները հիմք կը դնեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բոլոր երեւոյթներու լուծման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:

«Առանձին նիւթեր են, ի հարկէ, խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ համաձայնութիւններու լրացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմ յանձնախումբի ստեղծման միջոցով սահմանազատման իրականացումը` ռուսական կողմի խորհրդատուական աջակցութեամբ: Մեկնելով անկէ, որ ժամանակը արագ կ՛ընթանայ, իրադարձութիւնները կը զարգանան բաւական շեշտակի, կը կարծեմ, որ այսօր շատ յարմար առիթ է քննարկելու այս նիւթը եւ տեսնելու, թէ ի՛նչ կրնանք զեկուցել մեր ղեկավարներուն անոնց ստորագրած համաձայնութիւններու իրականացման վերաբերեալ», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ նախարարները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միացեալ ջանքերը: Հաստատած են հաւատարմութիւնը` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի յայտարարութիւններու բոլոր կէտերուն համալիր պահպանման:

«Կատարուած է առարկայական քննարկում շրջանի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցերու վերաբերեալ` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ: Քննարկում եղած է նաեւ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքի եւ երեք երկիրներու հասարակական ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու երկխօսութեան վերաբերեալ: Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման շուրջ բանակցութիւններու հոլովոյթին:

«Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային շարունակելու տարբեր մակարդակներու վրայ եռակողմ հաղորդակցութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Ես Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցին Մէջ Խնդիրներ Չեմ Տեսներ»

Յաջորդը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Բացակայ Մարզիկներով Պիտի Մրցի Մարսէյի Դէմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.