Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ետ Քաշելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները

Հոկտեմբեր 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու գործադրման հսկող համազեկուցողները մտահոգ են Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու եւ անմարդկային վերաբերմունքի մասին բազմաթիւ հաղորդումներէն:

Ֆինլանտացի խորհրդարանական Քիմմօ Քիլիունեն եւ շուէտացի Պորիանա Օպերկ իրենց յայտարարութեան մէջ նշելով, որ «Ազրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը որոշած է հետաքննել փաստերը», յոյս կը յայտնեն, թէ բոլոր այդ քննութիւնները պիտի ըլլան հրապարակային ու թափանցիկ:

«Մինչ երկու կողմերը մէկը միւսին կը մեղադրէ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսելու յանցանքով, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը բռնագրաւած են Հայաստանի տարածքը` խախտելով Հայաստանի տարածքային գերիշխանութիւնը եւ, ըստ Եւրոպական խորհուրդի կարգավիճակի, տագնապները խաղաղ ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը», նշուած է ԵԽԽՎ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Հետեւաբար` մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի տարածքի բոլոր մասերէն ետ քաշելու զօրքերը եւ ազատ արձակելու իրենց հսկողութեան տակ գտնուող պատերազմական գերիները», կը յայտարարեն ֆինլանտացի եւ շուէտացի խորհրդարանականները` ընդգծելով տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութիւնը` ի շահ երկու ժողովուրդներուն:

ԵԽԽՎ. «Ահաբեկչական Յայտարարել
Ռուսական Ներկայ Վարչակարգը»

ԵԽԽՎ-ն Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է «ահաբեկչական յայտարարելու ռուսական ներկայ վարչակարգը»: Այս մասին կը նշուի կառոյցին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամները Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ յայտարարութեան մէջ փոփոխութիւն կատարած են եւ Ռուսիան մեղադրած են «ահաբեկչութեան յանցանքով»: Ատիկա տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ եւ Էսթոնիոյ ներկայացուցիչներուն նախաձեռնութեամբ: Բանաձեւի բնագիրը հրապարակուած է ԵԽԽՎ-ի կայքին վրայ:

612 երեսփոխաններէն քուէարկութեան մասնակցած է 100-ը, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը` 99 երեսփոխան, թեր քուէարկած է, մէկը ձեռնպահ մնացած է: Փաստաթուղթի հեղինակները նաեւ կոչ ուղղած են «առաւելագոյն ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ վրայ» եւ շարունակելու Ուքրանիոյ աջակցութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Ղարաբաղի Հայերու Անվտանգութիւնը Պիտի Ապահովուի Ազրպէյճանի Սահմանադրութեան Համաձայն»

Յաջորդը

Պորել Կը Յիշեցնէ, Որ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Ետ Քաշելու Իր Զինեալ Ուժերը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?