Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը

October 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը եւ երրորդ անգամ ըլլալով պիտի փորձէ ընտրել հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահական ընտրութեան նիստի նախօրեակին սակայն, երեսփոխանական պլոքներուն եւ համախմբումներուն միջեւ տակաւին յստակ համախոհութիւն մը չկայ` որոշ թեկնածուի մը շուրջ:

Հետեւաբար այսօրուան համար դարձեալ նախատեսուած է նիստը գումարելու օրինաթիւ չգոյացնելու բեմագրութիւնը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ շիի երկեակին մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ անոնք դարձեալ սպիտակ քուէով պիտի մասնակցին ընտրութեան` նկատի ունենալով, որ տակաւին երկխօսութիւն չէ կատարուած քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ եւ համախոհութիւն չէ գոյացած:

Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները կառչած կը մնան երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան:

Իսկ այլ պլոքներուն կեցուածքները կը մնան անորոշ:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով փորձեր կը կատարուին մետասաներորդ պահուն նոր կառավարութիւն մը կազմելու:

Այս ծիրին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան անունները այն նախարարներուն, որոնք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի փոփոխութեան ենթարկել:

Այս շրջագիծին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեղեկութիւններ, թէ հանդիպումին ընթացքին Պասիլ կտրականապէս մերժած է ընդառաջել ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատը փոփոխութեան ենթարկելու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պահանջին եւ պահանջած փոփոխութեան ենթարկել նախարարներ Ապտալլա Պու Հապիպը, Նաժլա Ռիաշին եւ Ուալիտ Նասսարը:

Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Պասիլի ու Միքաթիի միջեւ նամակներու եւ պատգամներու փոխանցումը կատարողն է զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար:

Աւելցնենք, որ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ եթէ նոր կառավարութիւնը չկազմուի, ապա երկիրը մուտք պիտի գործէ սահմանադրական եւ ընկերային քաոս:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկուան իր նիստին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան` հաստատելով, որ այդ համաձայնութիւնը առիթ պիտի տայ երկու երկիրներուն արդարօրէն օգտուելու Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ուժանիւթի բնական հարստութիւններէն:

Ապահովութեան խորհուրդը հաստատեց, որ սահմանագծումի այս համաձայնութիւնը հսկայ քայլ մը, որ պիտի նպաստէ շրջանին ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

ԵԽԽՎ-ի 47 Երեսփոխաններ Ազրպէյճանական Ուժերու Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքէն Անյապաղ Դուրս Բերումը Կը Պահանջեն

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.