Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել Կը Յիշեցնէ, Որ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Ետ Քաշելու Իր Զինեալ Ուժերը

Հոկտեմբեր 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը բարձրագոյն մակարդակներու վրայ պիտի շարունակէ իր ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի համապարփակ լուծման հասնելու համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին վստահեցուցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` պատասխանելով Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու նամակին:

«Ես լիովին կը կիսեմ կացութեան լրջութեան վերաբերեալ ձեր մտահոգութիւնները: Օգոստոսի սկիզբը եւ 13-14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած զինեալ բախումները ցոյց կու տան, որ շրջանին մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ չափազանց փխրուն: Եւրոպական Միութիւնը բարձրագոյն մակարդակով կոչ ուղղած է դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները», նշած է Պորել:

Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կը շարունակէ սերտ կապի մէջ ըլլալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, եւ ինքն ալ կապ հաստատած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, յանձնարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին անյապաղ խորհրդակցութիւններ կատարել Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը երկու կողմերը յորդորած է խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ ազրպէյճանական ուժերուն կոչ ուղղած անյապաղ վերադառնալու իրենց դիրքերը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու վերջին վարչական սահմաններուն համապատասխան: Եւրոպական Միութիւնը երկու կողմերը կը խրախուսէ յառաջընթաց արձանագրել սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցին մէջ, որ կարեւոր է հետագայ բախումներու վտանգը նուազեցնելու առումով», նշած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:

Ան նաեւ նշած է, որ այս տարի նախապէս տեղի ունեցած նախնական հանդիպումներէն ետք սահմանային հարցերով յանձնախումբի յաջորդ նիստը պէտք է տեղի ունենայ Պրիւքսելի մէջ նոյեմբերին:

Եւրոպական Միութիւնը բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, յատկապէս հիմնուելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած արդիւնքներուն վրայ: Պորել յիշեցուցած է, որ երկիրներու ղեկավարները Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հանդիպած են նաեւ 6 հոկտեմբերին Փրակայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ եւ համաձայնած Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայման հարցին մէջ:

«Ես կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր ներգրաւուածութիւնը բարձրագոյն մակարդակներով` այս տագնապին համապարփակ լուծման հասնելու համար», եզրափակած է Պորել:

Եւրոպական խորհրդարանի մէկ տասնեակէ աւելի երեսփոխաններ 13 սեպտեմբերին նամակով դիմած էին Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելին, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ եւ Հայաստանը պաշտպանէ Ազրպէյճանի յարձակումէն:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ետ Քաշելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները

Յաջորդը

Փութին Հայաստանի Վարչապետն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Հրաւիրած Է Ռուսիա` Եռակողմ Հանդիպումի

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?