Ազրպէյճանցիները Վայրագութիւններ Կատարած Են Հայ Զինուորներուն, Նոյնիսկ Կիներուն Նկատմամբ
16 սեպտեմբերին Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ջերմուկ, ուր շրջագայեցան եւ ծանօթացան քանդումներուն, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ հայկական կողմին պատճառած վնասներուն: Այս առիթով Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան փաստերով անոնց ներկայացուց ռազմական գործողութիւններուն արդիւնքները, անոնց ընթացքին գործուած ոճիրները, նաեւ պատասխանեց դիւանագէտներուն հարցումներուն: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի տարածք ներխուժած ազրպէյճանական ուժերը վայրագութիւններ կատարած են, մասնատած են...



















